Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Կառավարութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ Ամուլսարի Հարցով Միջազգային Փորձաքննութեան Արդիւնքները

Հայաստանի Կառավարութիւնը Պիտի Ուսումնասիրէ Ամուլսարի Հարցով Միջազգային Փորձաքննութեան Արդիւնքները

by MassisPost

Հայաստանի   Կառավարութեան նիստը ուղեկցուած է բնապահպաններու բողոքի ցոյցով։ «Հայկական բնապահպանական ճակատի» անդամները կեղծ  հնարք   կը համարեն Քննչական կոմիտէի մեկնաբանութիւնը Ամուլսարի ոսկիի հանքի միջազգային փորձաքննութեան վերաբերեալ։ Իսկ գործադիրը դեռ դիրքորոշում չի յայտներ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է՝ իրենք պիտի ուսումնասիրեն Ամուլսարի հարցով ELARD կազմակերպութեան փորձաքննութեան արդիւնքները՝ եզրակացութեան գալու համար։

Մինչ այդ, կը խնդրէ Քննչական կոմիտէի նախագահէն հակիրճ ներկայացնել ստացուած եզրակացութիւնը։ Կառավարութեան վրայ 396 հազար տոլար արժած, մօտ 200 էջէ բաղկացած եզրակացութենէն Հայկ Գրիգորեանը, իր ձեւակերպմամբ, ամենակարեւոր 3 կէտերը ներկայացուցած է։

«Առաջինը՝ Ամուլսարի ստորգետնեայ ջրերի եւ ջերմուկի տաք աղբիւրների միջեւ որեւէ կապ չկայ», – նշած է Քննչական կոմիտէի նախագահը։

Գրիգորեանի խօսքով՝ եզրակացութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ամուլսարի ստորգետնեայ ջուրերու եւ Սեւանայ լիճի աւազանի միջեւ եւս կապ չկայ։ Ըսած է՝ Ամուլսարի ստորգետնեայ ջուրերու ազդեցութիւնը Դարբ, Որոտան, Արփա գետերու վրայ հնարաւոր է ըլլայ, սակայն, եթէ «Լիդիան»-ը ձեռնարկէ փորձագիտական խումբի կողմէ առաջարկուող մեղմման 16 միջոցները, ապա այդ վտանգները պիտի ըլլան կառավարելի։ Քննչական կոմիտէի նախագահի խօսքով՝ «Լիդիան»-ի փորձագէտները պատրաստ են առաջարկուող կէտերը կիրառել, անոնցմէ 10-ն արդէն կը կիրառեն։ Մէկ մեղմման միջոցը դեռ քննարկման փուլի մէջ է։

Քննչական կոմիտէի նախագահը ըսած է՝ ստացուած եզրակացութեան արդիւնքով կրնայ կարճուիլ Ամուլսարի քրէական գործը։ Այն յարուցուած էր՝ Շրջակայ միջավայրի աղտոտման վերաբերեալ տեղեկութիւնները թաքցնելու կամ դիտաւորեալ աղաւաղելու յօդուածով։

«Մէկ տարուց աւել քննուող քրէական գործով, որը որ յարուցուած է եղել Քրէկան օրէնսգրքի 282 յօդուածով, որեւէ հիմք չկայ որեւէ մէկին քրէական հետապնդման ենթարկելու», – ընդգծած է Հայկ Գրիգորեանը։

Մինչդեռ բնապահպանները Քննչական կոմիտէի՝ Ամուլսարի փորձաքննութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններն իրականութենէն հեռու կը համարեն։ Կ’ըսեն՝ գերատեսչութիւնը իրեն ձեռնտու հատուածները մէջբերած է, այնինչ միջազգային ընկերութեան եզրակացութիւնը կը փաստէ՝ Ամուլսարի ոսկիի հանքը չի կրնար շահագործուիլ։

Բնապահպանները կը ցանկային ուսումնասիրութեան վերաբերեալ իրենց մեկնաբանութիւնը անձամբ կառավարութեան նիստին վարչապետին ներկայացնել, սակայն կառավարութենէն թոյլ չեն տուած անոնց ներս մտնել։ Աւելի ուշ վարչապետի օգնականին առաջարկեցին հանդիպում կազմակերպել Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Որոշ ժամանակ անց, գործադիրէն տեղեկացուցին, որ վարչապետը զբաղուած է, սակայն պատրաստ է բնապահպաններուն հետ հանդիպելու քանի մը օրէն՝ լսելու անոնց բարձրացուցած հարցերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment