Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը կը Շարունակէ Քննադատել Փաշինեանի Ստեփանակերտի մէջ Կատարած Յայտարարութիւնները

Ատրպէյճանը կը Շարունակէ Քննադատել Փաշինեանի Ստեփանակերտի մէջ Կատարած Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն կը յայտարարէ, թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ստեփանակերտի մէջ ըրած վերջին յայտարարութիւններով անցած է կարմիր գիծը:

«Անկէ միւս կողմ իրավիճակի յետագայ սրացումն է եւ լարուածութեան աճը», – ռուսաստանեան «Ինթըրֆաքս»-ին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեյլա Ապտուլաեւան՝ աւելցնելով․ – «Այսօրինակ հռետորաբանութիւնը ոչ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքին, այլեւ կրնայ ջուրը թափել խնդրի կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերը»:

Օգոստոս 5-ին, ելոյթ ունենալով Ստեփանակերտի մէջ համահայկական խաղերու բացման, Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր․ – «Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացի նպատակը պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած արցախեան ազատամարտի արդիւնքներու պաշտպանութիւնը: Բանակցութիւններու արդիւնքով Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւններու համար ընդունելի համարուած որեւէ լուծում կրնայ ընդունելի դիտուիլ միայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ժողովրդական հաւանութեան պարագային: Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը տեղեկացուցած է, որ Պաքուն Փաշինեանի ելոյթը քննադատող նամակներ ուղարկած է ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղարներուն, Մինսքի խումբի անդամ երկիրներուն ու կազմակերպութեան միւս անդամներուն:

«Այդ նամակներուն մէջ մենք հանգամանալից կերպով ներկայացուցած ենք, թէ որքան վտանգաւոր է իրավիճակը, որ ստեղծուած է Փաշինեանի յայտարարութիւններու հետեւանքով», – «Ինթըրֆաքս»-ին ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը: Ան, սակայն, չէ նշած, թէ հասցէատէրերը ինչպէս արձագանգած են Պաքուի այդ մտահոգութիւններուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգելով Պաքուէն հնչող քննադատութեան՝ աւելի վաղ պնդած էր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն ընկալած վարչապետ Փաշինեանի ելոյթի բովանդակութիւնը:

Աւելին, պաշտօնական Երեւանը ըսած է, թէ Ատրպէյճանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր առաւելապաշտական պահանջներուն, շարունակաբար կը խախտէ հրադադարի ռեժիմը, կ’անտեսէ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ամրապնդման վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կոչերը եւ կը մերժէ բոլոր կողմերու համար ընդունելի ցանկացած լուծում:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ մեղադրած էր Պաքուն քաղաքավարութեան եւ պարկեշտութեան հիմնական կանոնները խախտելու, անձնական բնոյթի յարձակումներու եւ հայ ժողովուրդի հանդէպ անհանդուրժողականութիւնն ու ատելութիւնը հովանաւորելու մէջ:

Իսկ պատասխանելով լրագրողներու հարցին, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը պնդած էր, որ Փաշինեանի ելոյթին աւելցնելու բան չունի․ – «Այն, ինչ վերաբերում է Հայաստանի դիրքորոշմանը, որեւէ նոր աւելացնելու բան չկայ: Ամէնը ասուեց Ստեփանակերտում»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment