Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան 2019 Տարուայ Կրթաթոշակներու Բաշխումը

Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան 2019 Տարուայ Կրթաթոշակներու Բաշխումը

by MassisPost

«Մեր երիտասարդութեան օգնել աւելի փայլուն ապագայի համար» նշանաբանով, Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութիւնը (ՀԿԲՄ)  կրթաթոշակի նպաստներ յանձնեց վեց համալսարանական ուսանողներու, որոնք բարձր նուաճումներ արձանագրած են կրթական մարզէն ներս:

Տիկ. Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան

Տիկ. Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան

Օգոստոս 9-ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան  բացման խօսքը կատարեց օրուայ հանդիսավար Տիկ. Քաթիա Քրմոյեան-Խոտանեան: Ան նախ ողջունեց ներկայութիւնը պաշտօնական հիւրերու, որոնց շարքին Կլէնտէլի Միացեալ Ուսումնական Խորհուրդի նախագահ՝ Ճէնիֆըր Ֆրիմոն, Կլէնտէլի Միացեալ Ուսումնական Խորհուրդի գերատեսուչ՝ Դոկտ. Վիվեան Էքճեան, Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի Համալսարանի Հայկական ամպիոնի վարիչ՝ Դոկտ. Վահրամ Շէմէսեան եւ Քալիֆորնիոյ Նորթրիճի Համալսարանի Հայկական ամպիոնի դասախօս՝ Դոկտ. Յասմիկ Պարան:   Ապա, հանդիսավարը համառօտ ներկայացուց ՀԿԲՄ-ի պատմականը ու ծաւալած գործունէութիւնը, Լիբանանէն սկսեալ, ուր հիմնուած է  1969-ին, մինչեւ Լոս Անճելըս եւ Հայաստան: Շարունակելով՝ Տիկին Խոտանեան ներկայացուց  ՀԿԲՄ-ի կրթաթոշակներու ֆոնտի ստեղծման գործընթացը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են խումբ մը հեռատես  անհատներ, որոնք  հաւատացած են  երիտասարդութեան կարեւոր դերին մեր համայնքային կեանքէն ներս ու այդ պատճառաւ իսկ արժանի են ամէն տեսակի քաջալերանքի եւ խրախուսման: Հիմք ընդունելով այս նպատակները,  ՀԿԲՄ-ի Կրթաթոշակներու Յանձնախումբը ուսումնասիրեց ստացուած բազմաթիւ դիմումները եւ որոշեց վեց կրթաթոշակ շնորհել, նախապէս յայտարարուած հինգի փոխարէն:

Դոկտ. Տէր Դաւիթեան

Դոկտ. Տէր Դաւիթեան

Ապա, ամպիոն հրաւիրուեցաւ Յանձնախումբի անդամ՝  Դոկտոր Ռոզին Տէր Դաւիթեան, որպէսզի ներկայացնէ  մրցանակակիրները:

Դոկտ. Տէր Դաւիթեան  իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ համալսարանական կրթաթոշակներու  պատմականին ու յայտարարեց, որ անոնց կարեւորութիւնն ու ազդեցութիւնը ուսանողներու կեանքէն ներս, ոչ այնքան դրամական առումով է, այլ այն իմաստով, որ նման  պարգեւատրումներ մեծապէս կը նպաստեն ուսանողներու կենսագրականին ու դրական կը գնահատուին աշխատանքի ասպարէզի ընթացքին:

Ապա հրաւիրուեցաւ  Կրթաթոշակներու Ֆոնտի հիմնադիրներէն՝ Պր. Թադէոս Քէորողլեան, որպէսզի պարգեւները յանձնէ յաջողակ ուսանողներուն:

ՀԿԲՄ-ի այս տարուայ կրթաթոշակի մրցանակներուն արժանացան Քալիֆորնիոյ Սանթա Քրուզ Համալսարանի ուսանող Նանոր Տէր Պետրոսեան, Ազուսա Փասաֆիք Համալսարանի ուսանող Ալիսոն Ղաֆարի, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս Համալսարանի ուսանող Քաթիա Խանլեան, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս Համալսարանի ուսանող Նարեկ Տատուրեան, Քալիֆորնիոյ Իրվայն Համալսարանի ուսանող Քրիստինա Չիրանեան եւ Սաութուեսթըրն Իրաւաբանական Համալսարանի ուսանող Թալին Քոճապապեան:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment