Home ՍՓԻՒՌՔ Սեպտեմբեր 8-ին Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Սեպտեմբեր 8-ին Աղթամար Կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

by MassisPost

Սեպտեմբերի 8-ին Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Վանի նահանգային ղեկավար Մուզաֆէր Աքթուղը «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան պատմած է նախապատրաստական աշխատանքներու մասին: Արդէն 7-րդ անգամ կայանալիք պատարագին Թուրքիայէն եւ արտերկրէն այցելուներու մեծ հոսք կ’ակնկալուի: Աքթուղը նշած է, որ անցեալ տարուան համեմատ այս տարի աւելի շատ զբօսաշրջիկներ կը սպասեն, Վանի հիւրանոցներու սենեակներու մեծ մասն արդէն ամրագրուած է:

Պաշտօնեայի խօսքով, Սուրբ Խաչի ամենամեայ պատարագը կարեւոր նշանակութիւն ունի Վանը ճանաչելի դարձնելու տեսանկիւնէ:

Այս տարի Վանը արդէն աւելի քան 125 հազար տեղացի եւ օտարերկրացի զբօսաշրջիկ հիւրընկալած է:

95 տարուան դադարէ ետք, 2010 թուականէն ի վեր ամէն տարուան Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին յաջորդող կամ նախորդող կիրակի օրը, Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի: Սակայն 2015-2017 թուականներու ընթացքին շրջանին մէջ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինուժի միջեւ պարբերական բախումներու հետեւանքով պատկան մարմինները չէին արտօներ պատարագ մատուցել: Եռամեայ դադարէ ետք, անցեալ տարի եկեղեցւոյ մէջ կրկին պատարագ տեղի ունեցաւ:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը 2005 թուականին ձեռնարկած էր Վանի Կեւաշ գաւառին մէջ գտնուող պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները: Մօտ երկու տարի տեւած վերակառուցման նախագիծի համար շուրջ 4 միլիոն լիրա ծախսուած է: 2007-ին եկեղեցին այցելուներու համար բացուած էր որպէս թանգարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment