Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Moody’s» Միջազգային Վարկանշային Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչները Ժամանծ են Հայաստան

«Moody’s» Միջազգային Վարկանշային Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչները Ժամանծ են Հայաստան

by MassisPost

Օգոստոս 12-ին ՀՀ Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը ընդունած է «Moody’s» միջազգային վարկանշային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։

ՀՀ ելեւմուտքի նախարարութենէն յայտնած են, որ հանդիպման շրջագիծէն ներս անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայիս տնտեսական իրավիճակին, ընթացիկ բարեփոխումներուն եւ տնտեսական զարգացման հեռանկարներուն: Ի թիւս այլ հարցերու, քննարկուած են ՀՀ հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխումներուն շնորհիւ ակնկալուող ազդեցութեան,  Հայաստանի մէջ կիրառուող հարկային պիւտճէի կանոնի արդիւնաւէտութեան, պետական գնումներու բնագաւառին մէջ ներկայիս իրականացուող բարեփոխումներուն առնչուող հարցեր։

Ելեւմուտքի նախարարը յոյս յայտնած է, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ ներկայիս տարբեր ուղղութիւններով իրականացուող բարեփոխումներու շրջանակը դրականօրէն պիտի ազդէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարկանշաւորման վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment