Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրաժարականի Պարագային Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորներուն Հնարաւորութիւն Պիտի Տրուի Օգտուիլ Ընկերային Երաշխիքներէն

Հրաժարականի Պարագային Սահմանադրական Դատարանի Դատաւորներուն Հնարաւորութիւն Պիտի Տրուի Օգտուիլ Ընկերային Երաշխիքներէն

by MassisPost

Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած փոփոխութիւնները շարք մը օրէնքներու մէջ, քննադատութեան ալիք բարձրացուցած են իրաւաբաններու   մօտ։

Մասնաւորապէս, քննարկման առարկայ դարձած է Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) մասին սահմանադրական օրէնքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնը, ըստ որու, եթէ Սահմանադրական դատարանի դատաւորը այս տարուան Օգոստոս 1-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 31-ը հրաժարական ներկայացնէ, ապա մինչեւ պաշտօնավարման ժամկէտը պիտի շարունակէ ստանալ իր աշխատավարձը, յաւելավճարները, ինչպէս նաեւ օգտուիլ տրուած ընկերային երաշխիքներէն։

Նախագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ թաւշեայ յեղափոխութեամբ պայմանաւորուած՝ յառաջիկային հնարաւոր են նոր սահմանադրական բարեփոխումներ, բայց սահմանադիրի կամքը Սահմանադրական դատարան ձեւաւորելու առումով պիտի չիրագործուի, քանի որ Հայաստանի Սահմանադրութեան ընդունման պահին դատարանը արդէն ձեւաւորուած էր։ Ըստ Սահմանադրութեան, Բարձր դատարանի դատաւորները կը պաշտօնավարեն մինչեւ 70 տարին լրանալը: Եւ որպէսզի Սահմանադրական դատարանի կազմի փոփոխութիւն ըլլայ, Արդարադատութեան նախարարութիւնը դատաւորներուն հնարաւորութիւն կու տայ, անկախ տարիքէն,  հրաժարական ներկայացնելու պարագային, օգտուիլ ընկերային երաշխիքներէ։

Փաստաբան Վահէ Գրիգորեանը Յունիս 20-ին Սահմանադրական դատարանի դատաւոր ընտրուելէն ետք՝ Ազգային ժողովին մէջ երդում տալու ժամանակ, յայտարարած էր, թէ Բարձր դատարան կ’երթայ Սահմանադրական դատարանի Սահմանադրական դատարանի նախագահի լիազօրութիւններով եւ պնդած՝ Սահմանադրական դատարանի կազմին մէջ այս պահին դատաւորի կարգավիճակ ունին միայն ինքն ու Արման Դիլանեանը, եւ որ միայն իրենք կրնան որոշումներ ընդունիլ: Գրիգորեանը հիմնաւորած էր, թէ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը եւ վեց անդամները նախկին Սահմանադրութեամբ ընտրուած են եւ չունին դատաւորի կարգավիճակ, ըստ այդմ՝ լիազօրուած չեն որոշումներ ընդունիլ: Գրիգորեանը աւելցուցած էր, որ գործող Սահմանադրական դատարանի կազմին մէջ օրինականութեան խնդիր կայ, եւ իրավիճակը բնութագրած էր ճգնաժամային: Անոր այս յայտարարութենէն ետք սկսան կարծիքներ հնչել, որ Գրիգորեանի մատնանշած Սահմանադրական դատարանի անդամները պէտք է հրաժարական ներկայացնեն։ Աւելի ուշ Գրիգորեանը նամակ ուղարկած էր Հայաստանի նախագահին, Ազգային ժողովին, Կառավարութեան, Դատաւորներու ընդհանուր ժողովին, Սահմանադրական դատարանի անդամներուն ու դատաւորին:

Գրիգորեանը նամակին մէջ ելքեր առաջարկած էր, որոնցմէ մէկն ալ Սահմանադրական դատարանի անդամներու հրաժարականն էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment