Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան եւ Մետվետեւը Քննարկած են Հայ-Ռուսական Ռազմավարական Յարաբերութիւններու Հարցերու Լայն Շրջանակ

Փաշինեան եւ Մետվետեւը Քննարկած են Հայ-Ռուսական Ռազմավարական Յարաբերութիւններու Հարցերու Լայն Շրջանակ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Խըրխըզիստանի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ։

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի վարչապետները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած երկկողմ գործակցութեան ընթացիկ օրակարգին։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Տմիթրի Մետվետեւը, մասնաւորապէս, խօսած են առեւտրատնտեսական կապերու յետագայ զարգացման, ապրանքաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման, համատեղ նախագիծերու իրականացման ուղղութեամբ ընելիքներու շուրջ։

Կողմերը փաստած են, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած է աշխոյժ աճ, եւ պէտք է շարունակել աշխատանքը հայ-ռուսական դաշնակցային կապերը ամրապնդելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ։

Ռուսաստանի կառավարութեան նախագահը ողջունած է Հայաստանի յաջող նախագահութիւնը ԵԱՏՄ-ի մէջ եւ նշած, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ վերընթաց զարգացում կայ, ինչի մասին կը վկայէ տարբեր մակարդակներու վրայ բարձրաստիճան պաշտօնական հանդիպումներու եւ շփումներու յաճախականութիւնը՝ թէ՛ երկիրներու ղեկավարներու, թէ՛ միջկառավարական, թէ՛ միջխորհրդարանական ձեւաչափերով։

Հայաստանի վարչապետը դրական գնահատած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան ընթացքը եւ գոհունակութեամբ խօսած, մասնաւորապէս, զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ արձանագրուած առաջընթացի մասին. 2019-ի առաջին 6 ամիսներու արդիւնքներով Հայաստան այցելած ռուս զբօսաշրջիկներու թիւը աճած է 19 տոկոսով՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ։ Եւ սա այն պարագային, երբ Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներու ընդհանուր թիւը 2019-ի  առաջին կիսամեակի արդիւնքներով աճած է 12,8 տոկոսով։ Վարչապետ Փաշինեանը նաեւ գոհունակութեամբ նշած է, որ Վերին Լարսի մէջ ծագող հարցերու լուծման մեխանիզմը արդիւնաւէտ կը գործէ։ Երկկողմ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ծիրէն ներս ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է ԵԱՏՄ-ի ամբողջ ներուժի լիարժէք օգտագործումը։

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի վարչապետները անդրադարձած են կազի, միջուկային ելեկտրակայանի, օդանաւային փոխադրումներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը այլ հարցերու։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ վերջին շրջանին հայաստանեան եւ ռուսաստանեան ԶԼՄ-ներուն մէջ արծարծուող հարցերու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment