Home ՍՓԻՒՌՔ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը Հրապարակէ Լիբանանի իր Նոր Ռազմավարութիւնը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը Հրապարակէ Լիբանանի իր Նոր Ռազմավարութիւնը

by MassisPost

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը մշակած է նոր ռազմավարութիւն մը ուղղուած յատկապէս Լիբանանի մէջ իր գործունէութեան։ Հիմնարկութեան 2019-2023 հնգամեայ ծրագիրէն (հրապարակելի 2019-ի աշնան) բխած այս ռազմավարութիւնը կը վերահաստատէ Հայկական Բաժանմունքին յանձնառութիւնը Լիբանանի հայկական կառոյցներուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն հանդէպ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով արեւմտահայերէնին։

Լիբանանի մէջ կրթական եւ մշակութային ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը ապահովելու նպատակով, Բաժանմունքը Գայիանէ Մածունեանը կը նշանակէ ծրագիրներու պատասխանատու։ Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի խօսքերով՝ «Շատ ուրախ ենք որ պիտի համագործակցինք Գայիանէ Մածունեանին հետ. Գայիանէն, մասնագիտացած է մանկավարժական ոլորտին մէջ, ունի կազմակերպչական մեծ հմտութիւններ եւ մօտէն կը ճանչնայ Լիբանանահայ գաղութը. ասոնք շատ կարեւոր տուեալներ են Հիմնարկութեան համար։ Գայիանէն պիտի համագործակցի գաղութի բոլոր կառոյցներուն հետ, ապահովելու Հիմնարկութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութիւնը»։

Լիբանանահայութիւնը արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հիմնական ազդակներէն է։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը առ այդ կը հաստատէ իր յանձնառութիւնը օժանդակելու Լիբանանի մէջ լեզուի կենսունակութեան, կեդրոնանալով նորարար ծրագիրներու եւ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու վրայ։ Ասիկա կ՚ենթադրէ տեղական մասնակցութիւն եւ համագործակցութիւն, շօշափելի արդիւնքներ ապահովելու համար։ Ուստի, իւրաքանչիւր դպրոցի փոքր նպաստ մը տալու փոխարէն, Հիմնարկութիւնը նպատակադրած է օժանդակել յատուկ ծրագիրներու որոնք Լիբանանի հայկական կրթական համակարգի անհրաժեշտ պէտքերը կը հոգան։ Այս ռազմավարութիւնը հիմնուած է առկայ պահանջքներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Հիմնարկութեան կատարած ախտորոշումներուն վրայ։ Ռազմավարութիւնը կ՚եզրափակուի հետեւեալ նշումով՝ անհրաժեշտ է «տեսլական մը ունենալ՝ միեւնոյն ժամանակ ըլլալ իրատես. յառաջադէմ ըլլալ՝ միեւնոյն ժամանակ լաւ հասկնալ տեղւոյն իրականութիւններն ու կառոյցները», որպէսի ապահովուի արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը եւ Լիբանանի կրթական համակարգի զարգացումը:

Ռազմավարութիւնը բաղկացած է հինգ հիմնասիւներէ որոնք կը կեդրոնանան՝ դպրոցներուն սատարելու, ուսուցիչներ պատրաստելու եւ վերապատրաստելու, լեզուական ծրագիրներ մշակելու ու անոնց մշակման օժանդակելու, ինչպէս նաեւ երիտասարդներու ստեղծագործական միտքն ու աշխատանքը քաջալերելու վրայ։ Ռազմավարութիւնը կը խտանայ ուրեմն հետեւեալ հինգ կէտերուն մէջ՝

  1. Համագործակցիլ Լիբանանի հայկական դպրոցներուն հետ եւ շարք մը ծրագիրներու միջոցով օժանդակել անոնց։
  2. Կրթաթոշակներ յատկացնել կրթութեան ոլորտին մէջ մասնագիտանալ փափաքող հայ ուսանողներուն։
  3. Քաջալերել եւ սատարել արեւմտահայերէնով ստեղծագործել փափաքող երիտասարդներուն։
  4. Օժանդակել արեւմտահայերէնի կենսունակութեան վերաբերող առկայ որոշ նախաձեռնութիւններու։
  5. Օժանդակել Յատուկ կրթութեան ոլորտին։

Հայկական Բաժանմունքի Լիբանանի ռազմավարութիւնը պիտի կիրարկուի Սեպտեմբեր 2019-էն սկսեալ։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ gulbenkian.pt

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment