Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպասողական Վիճակ

Սպասողական Վիճակ

by MassisPost

harut portraitՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Ազգերու պատմութեան մէջ, մէկ տարին ակնթարթ մըն է: Բայց այդ մէկ տարին բոլորող սերունդներուն համար, այն կրնայ նոյնիսկ տարիէ մը աւելի երկար թուիլ: Մանաւանդ, երբ այդ տարին կը յաջորդէ երկրէն ներս տեղի ունեցած յեղափոխութեան մը: Յեղափոխութեան առթած խանդավարութիւնէն վարակուած, մարդիկ կը դառնան անհամբեր ու կ’ակնկալէն անմիջական արդիւնքներ: Այդպիսի վիճակի մը զգացումը ունեցանք երբ անցեալ տարուան Յուլիսին գտնուեցանք Հայաստան: Իսկ այս տարուան Յուլիսին մեր այցելութեան, յեղափոխական վիճակի խանդավար զգացումը տեղի տուած էր սպասողական վիճակի զգացման: Ինչ որ շատ բնական գտանք: Բայց խնդիրը կը կայանայ այս սպասողական վիճակի տեւողութեան վրայ: Որքա՜ն կրնայ տեւել եւ ու՜ր կրնայ յանգիլ, այդ կախեալ պիտի ըլլայ յեղափոխութիւնը իրագործած մարդոց գործունէութիւնէն եւ այդ գործունէութիւնը ժողովուրդի լայն խաւերուն հաղորդելու եւ համոզելու կարողութիւնէն:

Մինչ նորերը լծուած են այդ աշխատանքին, յեղափոխութիւնէն տուժածները ամէն կերպ պիտի աշխատին խոչընդոտել եւ վիժեցնել անոնց գործունէութիւնը: Այս մէկն ալ զգալի էր մեր հոն գտնուած միջոցին: Հիները կը մեղադրէին նորերուն երիտասարդութիւնը, անփորձութիւնը, օտար ուժերու օգնութեամբ իշխանութեան հասնիլը եւ անոնցմէ կախուածութիւնը, ազգային արեւելման պակասը, նշած ըլլալու համար մեր նկատած գլխաւոր կէտերը:

Ուրեմն, ինչպէս կ’ըսեն, փաստելու բեռն ու պատասխանատուութիւնը (the onus of proof) կ’իյնայ նորերուն վրայ: Որ հեշտ չէ, երբ կ’առաջնորդուիս միայն ու միայն իրաւական դաշտի ընձեռած միջոցներով, որոնք դժբախտաբար շատ  դանդաղ ընթացք ունին: Մարդիկ օր ցերեկով ականատես դարձած են, թէ ի՞նչպէս Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, իրենց պարագաներով ու շրջանակի մտերիմներով անիրաւօրէն տիրացած են ահաւոր հարստութեանց, կողոպտելով երկիրն ու ժողովուրդը: Ուրեմն՝ ըստ այդ մարդոց, բրտութիւնը բրտութեամբ պէտք է հակադարձուի եւ ժողովուրդէն անոնց խլածը պէտք է խլուի անոնց ձեռքէն ու վերադարձուի ժողովուրդին: Անոնց հանդէպ  պէտք է կիրարկուի անմիջական ու ահեղ դատաստան, զանոնք արժանացնելով Չաուչեսքուներու եւ Սատտամ Հիւսէյններու ճակատագրին: Բայց այդ լուծումը, որքան ալ մասսաներուն ընդունելի ըլլայ, կրնայ հանգիլ անախորժ եւ վտանգաւոր հետեւանքներու: Երբ երկրէն ներս օրէնքի գերակայութեան հաստատումը առաջնահերթ կարեւորութիւն է, ապա ամէն ջանք պէտք է գործադրել, մնալու համար իրաւական դաշտի սահմաններուն մէջ: Դժբախտաբար, քաջ գիտնալով այս մէկը, Քոչարեան եւ ընկերներ կը փորձեն լաւագոյնս չարաշահել իրաւական բաւիղին ընձեռած այս կացութիւնը:

Մեր համեստ կարծիքով, սպասողական այս վիճակի երկարաձգումը երբեք նպաստաւոր չկրնար ըլլալ յեղափոխութիւնը իրագործած կողմին համար: Յոռեգոյն պարագային ան կրնայ հող պատրաստել պատեհապաշտ բռնապետի մը երեւման ու արիւնահեղութեանց: Հետեւաբար, մեկնարկուած յեղափոխութիւնը իր նպատակին հասցնելու համար, ներկայ իշխանութիւններուն կը մնայ հետապնդել արմատական լուծումներ, արագացնել փոփոխութիւններու թափը եւ որդեգրել կտրուկ գործելաձեւ: Երբ բացայայտ դարձած է նախկին իշխանութիւններու կողմէ լարուած ականներու գոյութիւնը, որոնք կը խոչնդոտէն արագ փոփոխութեանց թափը, ապա պէտք է գտնել միջոցները, անմիջականօրէն վնասազերծելու այդ ականները եւ օր առաջ ամրակայելու օրէնքի գերիշխանութիւնը: Ազգային Ժողովը պէտք է կրէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ այս հանգրուանին, լուծումներ գտնելու ամենայարմար գործելաձեւը պիտի ըլլայ դիմել անհատ մասնագէտներու, խուսափելու համար յանձնախումբային դանդաղ գործելաձեւէն:

Համաշխարհային ներկայ զարգացումները յստակօրէն կը բացայայտեն անհատական նախաձեռնութիւններու խաղցած դերին կարեւորութիւնը: Անոնց թափը շատ աւելի արագ է եւ արդիւնքները աւելի շուտով տեսանելի ու զգալի: Ուրեմն, արագ արդիւնքներու հասնելու համար եւ զգալի շահոյթ ապահովելու համար, իշխանութիւնները առաջնահերթութիւնը  պէտք է տան անհատ տաղանդներու զարգացման հնարաւորութեան, քան՝ կազմակերպութիւններու, որոնց ընթացքը ծանրաշարժ է: Անոնք նաեւ պէտք է որդեգրեն թափանցիկ գործունէութիւն, շահելու համար քաղաքացիներու վստահութիւնը եւ ապահովելու անոնց մասսայական մասնակցութիւնը երկրի յառաջխաղացքին եւ պետութեան հզօրացման: Ժամանակի ընթացքին է, որ պիտի կազմաւորուին պետական հիմնարկութիւնները (institutions), որոնք այդ պատասխանատուութիւնը պիտի վերցնեն իրենց վրայ:

Շատ կարեւոր է իշխանութիւն-ժողովուրդ հաղորդակցութեան կապը: Իշխանութիւնը կրնայ շատ լաւ քայլեր առնել, բայց եթէ չյաջողի համոզիչ կերպով անոնք բացատրել ժողովուրդին, այդ քայլերը արդիւնաւէտ չեն կրնար ըլլալ: Այս մէկը առաւել մարտահրաւէրային է, նկատի առած, որ մամուլի մեծ մասը կը գտնուի նախկին իշխանութեանց ձեռքին եւ անոնք ամէն ջանք կը գործադրեն վարկաբեկելու համար նորերը: Ներկայ հանգրուանին, այս պատասխանատուութեան ծանրութիւնը կ’իյնայ վարչապետ Փաշինեանի ուսերուն: Չի՛ բաւեր հանդէս գալ 100 կէտերու եւ նմանօրինակ յայտարարութիւններով: Յաճախակի ելոյթներով ժողովուրդին պէտք է մօտէն հաղորդակից դարձնել հարցերուն եւ անոր մասնակցութիւնը ապահովել լուծումներուն: Օրին, առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, իր «Պատերազմ թէ՞ Խաղաղութիւն. Լրջանալու Պահը» յօդուածով, շատ խորիմաստ եւ հրատապ հարցեր բարձրացուց, բայց չկրցաւ ապահովել ժողովուրդի մասնակցութիւնը այդ հարցերու քննարկման: Հետեւաբար, իր նախաձեռնութիւնը ձախողութեան մատնուեցաւ: Եթէ ան յաջողէր ստեղծել շինիչ քննարկում, թէ՛ իր եւ թէ՛ Հայաստանի ճակատագիրը դրականօրէն տարբեր պիտի ըլլային: Պէտք է դաս առնել այդ օրինակէն եւ ըստ այնմ շարժիլ: Յանդուգն քայլերու անհրաժեշտութիւնը կայ:

Որպէս ամփոփում մեր խորհրդածութեանց, կրնանք անվարան հաստատել, որ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը նոր շունչ ու եռանդ բերաւ Հայաստանի ու աշխարհացրիւ հայութեան: Որպէս զի այդ շունչն ու եռանդը յօդս չի ցնդին, յեղափոխութիւնը պէտք է արդիւնաւորուի մեզ կաշկանդող խնդիրներու անմիջական ու արմատական լուծմամբ, միշտ մնալով օրէնքի սահմաններուն մէջ: Բնականաբար սխալներ պիտի գործուին, բայց երբ յստակ կ’երեւի իշխանութեան անկեղծ միտումը՝ արդար ու ժողովրդավար պետութեան մը կառուցումը, ապա ժողովուրդը հասկացողութեամբ պիտի ընկալէ զանոնք: Յեղափոխութեան յաջորդած սպասողական այս վիճակը , որուն ականատես կ’ըլլանք, պէտք չէ՛ երկարի, որպէս զի առիթ չտայ նոր յեղափոխութեան մը, որ վստահաբար Թաւշեայ պիտի չըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment