Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Հաստատեց Մարտ 1-ի Իրադարձութիւններու Ընթացքին Տուժածներուն Աջակցելու Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Հաստատեց Մարտ 1-ի Իրադարձութիւններու Ընթացքին Տուժածներուն Աջակցելու Ծրագիրը

by MassisPost

Հայաստանի Կառավարութիւնը ընդունեց 2008 թուականի Մարտ 1-էն 2-ը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձանց աջակցութեան տրամադրման վերաբերեալ նախագիծը։

«Աջակցութեան տրամադրման համար դիմումը նախատեսուած անձինք անձամբ կամ իրենց ներկայացուցչի միջոցով կարող են ներկայացնել Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութիւն՝ սոյն որոշումն ուժի մէջ մտնելուց յետոյ 3 տարուայ ընթացքում», – գործադիրի նիստին զեկուցած է արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանը: – «Ամրագրւում է, որ ստացուած բոլոր փաստաթղթերի համադրման եւ գնահատման արդիւնքում պարզուած հանգամանքների հաշուառմամբ լիազօր մարմինը կայացնում է հետեւեալ պատճառաբանուած որոշումներից մէկը՝ բաւարարել դիմումը եւ տրամադրել աջակցութիւն կամ մերժել դիմումը, կասեցնել դիմումի քննարկումը»:

Նախարարը տեղեկացուցած է՝ մահացած անձի իրաւայաջորդի կարգավիճակ ունեցող անձին պիտի տրուի 30 միլիոն դրամ, առողջութեան ծանր վնաս  կրած անձին՝ 15 միլիոն դրամ, առողջութեան միջին ծանրութեան վնաս  կրած  անձին՝ 5 միլիոն դրամ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է՝ որոշումը շատ կարեւոր է, բայց շատ նրբութիւններ կան։  Ան ընդգծած է՝ որոշումը ոչ թէ փոխհատուցման մասին է, այլ աջակցութեան։ Իսկ Մարտ 1-ի զոհուածներու հարազատներուն եւ տուժածներուն փոխհատուցում տրամադրելու գումարի չափը վարչապետը կը գերադասէ, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը որոշէ:

«Փոխհատուցման հարցը, կարծում եմ, այլ հարթութեան հարց է եւ պէտք է մի փոքր այլ ընթացակարգերով որոշուի, չնայած նաեւ, մեծ հաշուով, զուտ պետական պիւտճէի հնարաւոր ծախսերի առումով նաեւ հնարաւոր է, որ այս աջակցութիւնը յետագայում հաշուառուի այդ հնարաւոր փոխհատուցման հաշուարկի տրամաբանութեան մէջ», – նշած է Փաշինեանը:

Մարտ 1-ին զոհուած Գոռ Քլոյեանի հայրը՝ Սարգիս Քլոյեանը, կը յիշէ՝ նախորդ իշխանութիւնները իրենց նոյնիսկ չեն ցաւակցած։ Նոր իշխանութեան նախաձեռնութիւնը Քլոյեանը դրական կը գնահատէ, բայց կը նշէ՝ հարազատներու համար աւելի կարեւոր է Մարտ 1-ի գործի ամբողջական բացայայտումը։ – «Յուսով ենք, որ սպանութիւնները կը բացայայտուեն ամբողջովին», – ըսած է Սարգիս Քլոյեանը:

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանի խօսքով՝ աջակցութիւն պիտի տրամադրուի նաեւ Մարտ 1-ին եւ 2-ին ծառայողական պարտականութիւնները իրականացնելու ժամանակ առողջութեան ծանր կամ միջին վնաս հասցուած անձանց, եթէ վերջիններուս նկատմամբ քրէական հետապնդում չէ իրականացուած կամ քրէական հետապնդումը դադարեցուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment