Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու կը Հակազդէ Փաշինեանի Ստեփանակերտի Ելոյթին

Պաքու կը Հակազդէ Փաշինեանի Ստեփանակերտի Ելոյթին

by MassisPost

Պաշտօնական Պաքուն վճռականօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ստեփանակերտի մէջ ըրած յայտարարութիւնը, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ»: Այդ մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին կապերու բաժնի պետ Հիքմեթ Հաճիեւը:

«Լեռնային Ղարաբաղը՝  Ատրպէյճան է: Այն մեր պատմական եւ անբաժանելի հողն է», – յայտարարած է Հաճիեւը:

Անոր խօսքով՝ նման «սադրիչ» կոչերով Հայաստանի ղեկավարութիւնը տարածաշրջանը կը դնէ լուրջ ճգնաժամի եզրին: «Թող ոչ մէկը կասկած ունենայ, որ Ատրպէյճանը պիտի վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Հետեւանքներու պատասխանատուութիւնը կ’իյնայ հայկական կողմի վրայ», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment