Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարծիքներ Վարչապետ Փաշինեանի Ստեփանակերտի Մէջ Ունեցած Ելոյթի Մասին

Կարծիքներ Վարչապետ Փաշինեանի Ստեփանակերտի Մէջ Ունեցած Ելոյթի Մասին

by MassisPost

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը եւս մէկ քայլ էր յեղափոխական հովերը Արցախի մէջ հաստատելու առումով: «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ այսպիսի կարծիք յայտնած է «Սիւիլնեթ»-ի քաղաքական վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեանը՝ շեշտելով, սակայն, որ այն դեռ բաւարար չէ:

«Բայց ասել, որ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունելի   կերպար է արցախեան իշխանութիւնների եւ հասարակութեան համար, վերջնականապէս ես չեմ կարող նման բան օգտագործել։ Երէկուայ հանրահաւաքը, եկէք անկեղծ լինենք, որքան էլ մարդաշատ լինէր, դա բացարձակապէս նման չէր էն հանրահաւաքներին, որը ունենում է Նիկոլ Փաշինեանը Երեւանում եւ Հայաստանի վայրերում։ Չեմ կարող ասել, որ սառոյցը վերջնականապէս կոտրուեց, Փաշինեանը ընկալելի դարձաւ արցախեան հասարակութեան համար վերջնականապէս, դա այդպէս չէ։ Դա այդպէս չէ, որովհետեւ բաւականին լուրջ աշխատանք է տարուել՝ մարդկանց փորձելու համոզել, որ Նիկոլ Փաշինեանն ու թիմը եկել են հայ ընտանիքը քանդելու, հայ եկեղեցին քանդելու, հայ աւանդական արժէքները քանդելու, աւելին՝ Արցախի հողերը ծախելու», – նշած է Յակոբեանը։

Տնտեսագէտ Բագրատ Ասատրեանը «ֆանթասթիք» որակած է Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած ռազմավարական նպատակները, բայց նկատած է՝ 2018-ի յեղափոխութիւնն ալ այդ շարքէն էր:

«Ժողովրդի մէջ յոյս էլ չկար տեղաշարժի, մէկ էլ բոլորը ոտքի կանգնեցին եւ այլն: Այդ ֆանթասթիք ասածը՝ այ էդ ֆանթասթիք զարգացումների շարքից է», -«Ազատութեան» հետ զրոյցի մէջ նշած է տնտեսագէտը: – «Այլ բան է, որ հիմա արդէն սա, ըստ էութեան, խնդիր է իշխանութեան եկած թիմի առջեւ դրուել եւ սա արդէն պէտք է միս եւ արիւն ստանայ, որովհետեւ երկարաժամկէտ զարգացումը քար առ քար կառուցուող մի շինութիւն է», – աւելցուցած է Բագրատ Ասատրեանը:

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է այն խնդիրները, որոնք Հայաստանը պէտք է լուծէ մինչեւ 2050 թուականը: Մասնաւորապէս, Փաշինեանը խօսած է աղքատութեան վերացման, Հայաստանի ներքին համախառն արդիւնքը տասնհինգապատկելու, 2,5 միլիոն մարդու զբաղուածութիւն ապահովելու եւ աշխատավարձերը 7 անգամ բարձրացնելու մասին։

1994-էն 1998 թուականներուն Հայաստանի կեդրոնական դրամատան նախագահ հանդիսացած Բագրատ Ասատրեանի համոզմամբ՝ զարգացման այն ընթացքով, որով Հայաստանը այս պահուն առաջ կը շարժի, հնարաւոր չէ մինչեւ 2050 թուականը նման ցուցանիշներ գրանցել։ Ասատրեանի խօսքով՝ վարչապետի մատնանշած թիւերը իրականութիւն դարձնելու համար առաջին հերթին պէտք է տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը բարձրացնել։ Ներկայ ընթացքը, տնտեսագէտը դրական կը  գնահատէ, բայց՝ ոչ բաւարար։

«Ունենք կիսամեակային արդիւնքներ՝ 6,5, որը կարելի է ասել՝ լաւ ցուցանիշ է, մանաւանդ՝ որակական տեղաշարժեր կան: Կարելի է դրական գնահատել էս երեւոյթը, բայց էդ 6,5-ով մեր ներքին համախառն արդիւնքը  30 տարուայ ընթացքում լաւագոյն դէպքում կը քառապատկուի: Այսինքն՝ երեքից չորս անգամ աւելի բարձր թեմփեր են պէտք այդ արդիւնքին հասնելու համար», – ըսած է Ասատրեանը

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամի գործադիր ներկայացուցիչ Ծովինար Յարութիւնեանը  կարեւորած է Փաշինեանի մատնանշած ուղենիշը, ըսած է՝ անոր հասնելու համար շարք մը ոլորտներու մէջ զգալի փոփոխութիւններ պէտք է տեղի ունենան:

«Գնահատական կարող ենք տալ միայն այն դէպքում, երբ որ շատ աւելի բացուած, յստակ ծրագրեր տեսնենք՝ հաշուարկներ, ռեսուրսներ, ինչ ժամկէտներում, ինչ միջոցներով, ինչ ծրագրերի իրականացման արդիւնքում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ մեկնաբանած է Յարութիւնեանը:

ՄԱԿ-ի բնակչութեան հիմնադրամը կանխատեսած էր, որ Հայաստանի բնակչութեան թիւը մինչ 2050 թուականը պէտք է 150 հազարով կրճատուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment