Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Ծնողազուրկ եւ Հաշմանդամ Երեխաներու Օգնութեան Հիմնադրամի 19-րդ Թելեթօն

Հայաստանի Ծնողազուրկ եւ Հաշմանդամ Երեխաներու Օգնութեան Հիմնադրամի 19-րդ Թելեթօն

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի ժամանակով, երեկոյեան ժամը 5-12ին, Լոս Անճելըսի հայկական AABC եւ High Vision հեռատեսիլի կայաններէն տեղի պիտի ունենայ մեր հայրենիքի Ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի 19-րդ թելեթօն-դրամահաւաքը:

Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս Թելեթօնին պիտի մասնակցին հայրենի եւ սփիւռքի ազգային-հասարակական գործիչներ, հոգեւորականներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ այս հիմնադրամի բարերարներէն ոմանք:

Մօտ քսան տարիներ առաջ, Լոս Անճելըս ապրող խումբ մը հայեր, առանց կուսակցական, Հարանուանական կամ եկած երկիրներէն  խտրութիւն դնելու, այս հայերը, գլխաւորութեամբ մեր շատ սիրելի, ազգային անխոնջ հրապարակագիր եւ հրապարակախօս Յովհաննէս (Քաջ Նազար) Բալայեանի, հիմը դրին աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր այս միութեան, որուն գլխաւոր նպատակն է տեղ եւ ապաստան հայթայթել հայրենի ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ կարիքաւոր երեխաներուն:

Այս հիմնադրամը քսան տարիէ ի վեր բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծրագիրներով հասած են այս երեխաներուն, անոնց ամէն տարի նուէրներով, Ձմեռ Պապիկի ժամանումով կը զուարճացնեն այդ պզտիկները եւ անոնց տուները, պատսպարանները, խաղադաշտերը նորոգած կամ հիմնովին կառուցած է:

Այս տարի, ծնողազուրկ եւ հաշմանդամ երեխաներու հիմնադրամի պատասխանատուները որոշած են Սպիտակ քաղաքի մարզա-մշակու-թային, ընկերային եւ ծանրաբարձութեան կեդրոնը իր բոլոր բաժիններով նորոգել եւ ամբողջութեամբ զարդարել, որպէսզի քաղաքի փոքրիկներն ու պատանիները իրենք զիրենք հանգիստ եւ ուրախ զգան:

Այս թելեթօնին, արդէն իսկ որոշ ազգայիններ իրենց նպաստը եւ նուէրը հասցուցած են սոյն ծրագրին, ուրիշներ ալ մեծագոյն ուրախութեամբ խոստացած են իրենց լուման հասցնել հայրենանուէր այս նպատակին համար:

Սեպտեմբեր 18-ի այդ օրը, մեր արուեստագէտներէն ոմանք իրենց ելոյթներով եւ կոչերով պիտի դիմեն մեր ժողովուրդին որպէսզի իրենց սիրտերուն հետ` իրենց քսակներն ալ բանան ազգային եւ մարդկային վեհ նպատակներ հետապնդող այս գործին համար:

Ըսուած է, որ »հայուն ցաւէն միայն հայը կը հասկնայ«: Արդարեւ, Հայրենիքի կամ Սփիւռքի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, հայ արիւնակիցներու  ցաւին միշտ եւ առաջին հերթին հայն է որ հասած է, խորապէս հասկնալով անոնց ցաւը:

Մենք ալ, մեր հայրենաբնակ բազմակարօտ ժողովուրդի ցաւերուն եւ կարիքներուն աւելի կը հասկնանք, եւ միասնական ու միասիրտ հարկաւոր ենք դարման գտնել այդ բոլորին:

Ուրեմն, եկէք բոլորս ալ ձեռք-ձեռքի տալով, Աստուծոյ մեզի տուած օրհնութիւններէն բաժին հանենք հայրենի մեր երեխաներուն, առատօրէն մասնակցելով Կիրակի, Սեպտեմբեր 8-ի երեկոյեան ժամը 5-12 հեռատեսիլի 381 եւ 384 կայաններէն սփռուելիք թելեթօնին:

Հայաստանի ծնողազուրկ հաշմանդամ կարիքաւոր երեխաներու ֆոնտի 100է աւելի կազմին, հիմնադրամը միշտ քաջալերող ազնիւ հայրենակիցներուն եւ մանաւանդ անոր հիմնադիր-նախագահ Յովհաննէս Բալայեանին շնորհակալութիւն յայտնելով, կըսեն՛ք.- Ձեր վարձքը կատար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment