Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետ Փաշինեան Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայացուց Հայ Ժողովուրդի Յառաջիկայ Տասնամեակներու Ռազմավարութիւնը

Վարչապետ Փաշինեան Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայացուց Հայ Ժողովուրդի Յառաջիկայ Տասնամեակներու Ռազմավարութիւնը

by MassisPost

Ստեփանակերտի Վերածննդի հրապարակին  վրայ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուց հայկական պետականութեան յառաջիկայ 30-ամեակի նպատակները, յայտարարելով, որ անոնց իրականացումը կը յենուի համահայկական ներուժի վրայ:

«Մինչեւ 2050 թուականը պէտք է կարողանանք լուծել հետեւեալ խնդիրները՝ Հայաստանի բնակչութիւնը հասցնել առնուազն 5 միլիոն մարդու, ստեղծել 1 միլիոն 500 հազար աշխատատեղ, լուծել 2,5 միլիոն մարդու զբաղուածութեան հարցը եւ վերացնել աղքատութիւնը, Հայաստանը դարձնել արդիւնաբերական երկիր, տասնհինգապատկել Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքը, ունենալ 10 միլիառ տոլար արժէքը գերազանցող առնուազն 5 հայկական թեխնոլոկիական ընկերութիւն եւ 10 հազար աշխատող սթարթափ, եօթնապատկել միջին աշխատավարձը, բանակի մարտունակութեան ցուցանիշով տեղ զբաղեցնել աշխարհի առաջատար երկրների առնուազն առաջին քսանամեակում, ունենալ աշխարհի 10 ամենարդիւնաւէտ հետախուզական ծառայութիւններից մէկը, ապահովել առողջապահական ծառայութիւնների 100 տոկոսանոց հասանելիութիւն եւ առողջապահութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, կրթութիւնը դարձնել ազգային ապրելակերպ, կրթութեան եւ գիտութեան ֆինանսաւորումը քսանապատկել, Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկների թիւը հասցնել 15 միլիոնի, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը դարձնել Եւրոպայի եւ/կամ աշխարհի առաջնութեան մետալակիր, նուաճել 25 ողիմպիական ոսկէմետալ եւ շախմատի աշխարհի անհատական ախոյեանի կոչումը»,- ընդգծեց Փաշինեան իր ելոյթին մէջ:

pashinyan-stepanakert-1

«Համոզուած եմ, հիմա ձեզնից շատերը հարցնում են, իսկ ինչո՞ւ Արցախի մասին ոչինչ ասուած չէ: Պատասխանը շատ պարզ, որովհետեւ Արցախը Հայաստան է եւ վե՜րջ», – աւելցուց Փաշինեան:

Վարչապետը ներկայացուց «Համահայկականութեան տրամաբանութիւնը», որու համար  անհրաժեշտ է յենուիլ «Համահայկական մի քանի առանցքային կոնսենսուսների, համաձայնութիւնների վրայ»:

Ըստ Փաշինեանի, ներհայկական որեւէ հարցի լուծման գործիքակազմից բռնութեան բացառումն է: – «Մեր իրականութեան մէջ մենք իրար մէջ հարցեր լուծելու համար բռնութիւնը պէտք է բացառենք: Բոլոր այն ուժերը, անհատները, որ բռնութիւնը դիտարկում են որպէս ներհայկական որեւէ հարցի լուծման միջոց, պէտք է մերժուեն եւ հայ ժողովրդի պատմութեան աղբանոցը նետուեն», – յայտարարեց վարչապետը:

«Երկրորդը կոնսենսուսն է՝ ազատ կամարտայայտութիւնը իշխանութեան ձեւաւորման միակ աղբիւրն է: Այս առումով Փաշինեան չափազանց կարեւոր նկատեց Արցախի մէջ սպասուող նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝  ազատ, մրցակցային, ժողովրդավարական միջավայրի մէջ եւ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտման իրական երաշխիքներու ապահովումը:- «Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ըստ այդմ, պէտք է հանդէս գայ եւ հանդէս կը գայ որպէս Արցախի ժողովրդի ազատ կամարտայայտման եւ այդ կամարտայայտման միջոցով լեգիտիմ իշխանութեան ձեւաւորման երաշխաւոր», – խոստացաւ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

«Կոնսենսուս համար երեք, Հայաստանի եւ Արցախի, հայ ժողովրդի ինքնիշխանութիւնը բարձրագոյն արժէք եւ բոլոր այն ուժերը, ովքեր կը փորձեն օտար ուժերի ներգրաւել ներհայկական, ներհայաստանեան հարցեր լուծելու համար, բոլոր այն ուժերը, ովքեր մեր երկրում հանդէս կը գան որպէս օտարերկրեայ շահերի ներկայացուցիչ, պիտի արժանանան եւ կ’արժանանան հայ ժողովրդի եւ նրա լեգիտիմ ներկայացուցիչ, Հայաստանի կառավարութեան ամենակոշտ հակազդեցութեանը», – շարունակեց Նիկոլ Փաշինեանը:

pashinyan-stepanakert-2

Ըստ վարչապետի չորրորդ կոնսենսուսը պէտք է ըլլայ Հայաստանը եւ Արցախը կոռուպցիայէն եւ կոռուպցիայի բոլոր դրսեւորումներէն զերծ պահելը:

Հինգերորդ կոնսենսուսն այն է, որ իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութիւնը, օրէնքի առաջ բոլորի հաւասարութիւնը պէտք է դառնայ ներազգային յարաբերութիւններու առանցք: – «Արտաքին կամ ներքին ազդեցութիւնների տրուող դատարանների գոյութիւնը սպառնալիք է ազգային անվտանգութեանը: Հայաստանում եւ Արցախում դատարանները պէտք է լինեն անկախ», – յայտարարեց Հայաստանի վարչապետը, աւելցնելով – «Մենք շատ արժանի մարդիկ ունենք, հայութիւնը շատ արժանաւոր զաւակներ է տուել, բայց անընդունելի է եւ չի կարելի հանդուրժել, երբ որեւէ մէկը ծառայութիւն մատուցի ժողովրդին ու հայրենիքին, եւ յետոյ այդ ծառայութիւնը փորձի վաճառել արտօնեալ լինելու ձեւով, օրէնքից դուրս լինելու ձեւով»:

Փաշինեանի կարծիքով ամենագլխաւոր կոնսենսուսն է. «Արցախի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացի նպատակը պէտք է լինի Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման եւ անվտանգութեան համար մղուած Արցախեան ազատամարտի արդիւնքների պաշտպանութիւնը: Բանակցութիւնների արդիւնքում Հայաստանի եւ Արցախի կառավարութիւնների համար ընդունելի համարուած որեւէ լուծում կարող է ընդունելի դիտուել միայն Հայաստանում եւ Արցախում ժողովրդական հաւանութեան դէպքումՙ:

pashinyan-stepanakert-3

Վեցերորդ, իր խօսքով ամենագլխաւոր կոնսենսուսի կապակցութեամբ Փաշինեան պարզաբանեց – «Յատկապէս այս սկզբունքը կարեւոր եմ համարում ընդգծել ցոյց տալու համար, որ անիմաստ է, ուղղակի անիմաստ է Հայաստանի գործող կառավարութեանը կասկածել Արցախի դէմ որեւէ հնարաւոր դաւադրութեան մէջ»:

Փաշինեան յայտնեց, որ մանրամասն պիտի չանդրադառնայ Արցախեան հարցի կարգաւորման եւ նշեց, որ այդ մասին խօսած է Մարտին, երբ տեղի ունեցաւ Արցախի ու ՀՀ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդներու համատեղ նիստը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment