Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վախճանած է Ամերիկահայ Պատմաբան եւ Գեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանը

Վախճանած է Ամերիկահայ Պատմաբան եւ Գեղասպանագէտ Վահագն Տատրեանը

by MassisPost

93 տարեկանին վախճանած է ամերիկահայ յայտնի գիտնական, իրաւագէտ եւ պատմաբան դոկտոր, փրոֆեսոր Վահագն Տատրեան: Ան նաեւ էր ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր եւ ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ: Տատրեան մեծ աշխատանք կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան գծով վաւերագրական նիւթերու պատրաստման ու հրատարակման ուղղութեամբ:

dadrian bookՎահագն Տատրեան ծնած է 1926-ին՝ Պոլիս: Աւարտած է Պերլինի համալսարանի մաթեմատիկայի, Վիեննայի համալսարանի պատմութեան եւ Ցիւրիխի համալսարանի միջազգային իրաւունքի դպրոցները:
Տատրեան համեմատական ցեղասպանագիտութեան հիմնադիրներէն է: Յատկապէս արժէքաւոր են «Հայկական ցեղասպանութիւնը խորհրդային եւ պատմագիտական քննարկումներով» (հայերէն, 1995), «Հայոց ցեղասպանութեան մէջ գերմանական պատասխանատուութիւնը: Պատմական ապացոյցի ստուգաբանութիւն» (անգլերէն, 1996), «Ցեղասպանութեան երաշխիքը: Թուրք-հայկական հակամարտութեան գլխաւոր բաղադրատարրեր» (անգլերէն, 1998) մենագրութիւնները: Միջազգային իրաւունքի բնագաւառէն ներս, հայոց ցեղասպանութեան վերլուծութեան նուիրուած էր «Ցեղասպանութիւնը որպէս ազգային եւ միջազգային իրաւունքի հիմնահարց: Հայկական հարցը Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ անոր նկատմամբ ժամանակակից իրաւական վերաբերմունքը» (անգլերէն, 1989) աշխատութիւնը:

Վահագն Տատրեան պարգեւատրուած է ՀՀ Մովսէս Խորենացի մետալով, «Վերիտաս» ոսկիէ մետալով (Հարվըրտ համալսարան), ՀՀ ԳԱԱ ոսկիէ յուշամետալով, Իտալիայի «Ճշմարիտները հայերու համար» կոմիտէի Ֆրիտյոֆ Նանսէնի ոսկիէ յուշամետալով (Ցեղասպանագէտ գիտնականներու միջազգային ընկերակցութիւն), Սուրբ Սահակ Սուրբ Մաշտոց մետալով եւ ՀՀ նախագահի ոսկիէ մետալով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment