Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Ընտրութիւնը Նախատեսուած Դեկտեմբերին

Պոլսոյ Հայոց Նոր Պատրիարքի Ընտրութիւնը Նախատեսուած Դեկտեմբերին

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը համակարգող Նախաձեռնող մարմինը դիմած է Պոլսոյ նահանգապետարան` ընտրութեան համար պատկան մարմիններէն համապատասխան կանոնադրութիւն ստանալու նպատակով: 1961 թուականի Սեպտեմբեր 18-ի նախարարներու խորհուրդի որոշման համաձայն՝ ամէն նոր պատրիարքի ընտրութեան ժամանակ պետութիւնը կանոնադրութիւն կը սահմանէ, որով ալ կը համակարգուի ընտրական ողջ գործընթացը: Այդպէս եղած է 1990 եւ 1998 թուականներու պատրիարքական ընտրութիւններու ժամանակ:

Եկեղեցական աւանդոյթներու եւ կանոնադրութեան համաձայն՝ պատրիարքի ընտրութիւնը երկաստիճան է. նախ պիտի ընտրուին հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատուիրակներ, որոնք ալ այնուհետեւ Ազգային պատգամաւորական ժողովին պիտի ընտրեն պատրիարք:

Ըստ այդմ, նահանգապետարանի միջոցով ներքին գործերու նախարարութեան ուղղուած նամակին մէջ Նախաձեռնող մարմնի կողմէ ընտրական ժամանակացոյց առաջարկուած է՝ հոգեւոր պատուիրակներու ընտրութիւնը կայացնել յառաջիկայ Դեկտեմբեր 7-ին, աշխարհիկ պատուիրակներու ընտրութիւնը՝ Դեկտեմբեր 8-ին, իսկ նոր պատրիարքի ընտրութեան օր նշանակել Դեկտեմբեր 11-ը: Դիմումը ստորագրուած է պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի ու Նախաձեռնող մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի կողմէ:

Կ’ակնկալուի, որ պետութիւնը ամենակարճ ժամկէտին մէջ արձագանգէ այս դիմումին: Մինչ այդ Նախաձեռնող մարմինը պիտի զբաղի եկեղեցիներու ընտրացուցակներու թարմացման եւ յստակեցման ու կազմակերպչական միւս աշխատանքներով:

Յուլիս 17-ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ կայացած նիստի ժամանակ նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը համակարգելու համար Նախաձեռնող մարմին ընտրուած էր ՝ բաղկացած 15 աշխարհական եւ 2 հոգեւորական անդամներէ: Մարմնի ձեւաւորման մասին պաշտօնապէս տեղեկացուած էր թրքական պատկան մարմիններուն: Անցեալ երկուշաբթի մարմինը անդրանիկ նիստ գումարած էր՝ ձեւաւորելով ղեկավար կազմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment