Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վահան Շիրխանեանը Հրաւիրուած է ԱԱԾ Ռոպերթ Քոչարեանի Հասցէին Կատարած Մեղադրանքներուն Համար Պարզաբանումներ Տալու

Վահան Շիրխանեանը Հրաւիրուած է ԱԱԾ Ռոպերթ Քոչարեանի Հասցէին Կատարած Մեղադրանքներուն Համար Պարզաբանումներ Տալու

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեանը հրաւիրուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ Յատուկ քննչական ծառայութիւն՝ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հասցէին լուրջ մեղադրանքներ պարունակող նամակի հետ կապուած պարզաբանումներ տալու համար: Այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Վահան Շիրխանեանը, որ կը համարուի 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութեան զոհ դարձած վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի մտերիմներէն մէկը:

«Ճշգրտումներ են ուզեցել, որոնք ստացել են՝ էդքանը ընդամէնը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Շիրխանեանը:

Այս տարուան Մարտ 19-ին հրապարակուած նամակին մէջ Շիրխանեանը կը մեղադրէ Ռոպերթ Քոչարեանը պատերազմական 1992-ին 35 հազար հայ փախստականներ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան վտարելու, 1998-ին նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծելու, Հայաստանին աւելի քան 2 միլիառ տոլար վնաս հասցնելու, 1999-ի Հոկտեմբեր 27-ի ոճրագործութենէն ետք Նայիրի Յունանեանի հետ հանդիպումը 13 ժամ ուշացնելու համար, ինչի հետեւանքով, ինչպէս կը գրէ Շիրխանեանը Ռոպերթ Քոչարեանին՝ «սպանեցիր նրանց բոլորին՝ յոյս չթողնելով որեւէ մէկի փրկութեան համար… որպէսզի նրանք արիւնաքամ լինեն, եւ եթէ նրանց մէջ լինէր վիրաւոր, փրկելու շանս չմնար»:

Եւ վերջապէս՝ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարարը կը մեղադրէ սահմանադրական կարգի տապալման յօդուածով կալանաւորուած Ռոպերթ Քոչարեանը Մեղրին Լաչինի հետ փոխանակելու մտադրութեան մէջ:

Ըստ Շիրխանեանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն եւ Յատուկ քննչական ծառայութենէն հրաւիրած են մէկական անգամ եւ ընդգծած՝ կը շարունակէ պնդել, որ այն, ինչ ներկայացուած է նամակին մէջ կը համապատասխանէ իրականութեան:

ԱԱԾ լրատուական ծառայութենէն «Ազատութեան» լրացուցիչ տեղեկութիւն չեն յայտնած: Յատուկ քննչական ծառայութենէն յիշեցուցած են, որ Վահան Շիրխանեանի նամակին մէջ նշուած 1998-ի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծելու դրուագով քրէական գործի յարուցումը մերժուած է ապրիլին: Այլ տեղեկութիւններ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը չէ յայտնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment