Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է թատերական անուանի գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արթիսթ Երուանդ Ղազանճեանը: Այդ մասին յայտնած է անոր որդին՝ բեմադրիչ Յակոբ Ղազանճեանը:
Յայտնի բեմադրիչը ծնած էր 1937-ին Երեւանի մէջ։ Ան հայ նշանաւոր դերասանուհի Գալիա Նովենցի ամուսինն էր:
Երուանդ Ղազանճեանը բազմաթիւ բեմադրութիւններու հեղինակ է, 1986-1993 ժամանակաշրջանին եղած է Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչը , 1993 թուականէն՝ Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը եւ ապա նոյն թատրոնին տնօրէնը մինչեւ 2002 թուական։ 1995-2007 թուականներուն եղած է Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահը։
Պետական մրցանակի դափնեկիր է, արժանացած է այլ բարձր կոչումներու։
Հայաստանէն բացի Երուանդ Ղազանճեանը բեմադրութիւններ իրականացուցած է բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ, մասնաւորապէս երկարատեւ գործունէութիւն ծաւալած է Լիբանանի մէջ, դառնալով Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի գլխաւոր բեմադրիչը։