Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազութիւնը Նոր Մանրամասնութիւններ Հրապարակած է Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի Գործով

Դատախազութիւնը Նոր Մանրամասնութիւններ Հրապարակած է Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի Գործով

by MassisPost

Հայաստանի Դատախազութիւնը մանրամասներ հրապարակած է, թէ ինչո՞ւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդին դիմած են դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն ստանալու համար։ Քրէական գործը յարուցուած է պաշտօնէական կեղծիք կատարելու յօդուածով: Դատախազութեան փոխանցմամբ, Գրիգորեանը այս պահին գործով չունի մեղադրեալի կարգավիճակ։ Բայց դատաւորի լիազօրութիւնները կասեցուած են, Դատական բաժանմունքի փոխանցմամբ ալ՝ անոր վարոյթին մէջ գտնուող բոլոր գործերը համակարգչային ծրագրի միջոցով պիտի վերաբաշխուին։ Փաստօրէն Քոչարեանի գործը եւս ուրիշ դատաւոր պիտի քննէ:

Դատախազութիւնը հաղորդած է, թէ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Գրիգորեանը նոյն օրը եւ նոյն ժամին իբրեւ տեղի ունեցած դատական նիստերու մասին թղթային կեղծ արձանագրութիւններ կազմած է՝ չգտնուելով դատարանի շէնքին մէջ: Ապա՝ մանրամասնած.  անցած տարուայ Սեպտեմբեր 14-ին, իր բացակայութեան շրջանին, Գրիգորեանը դատական նիստերու քարտուղարի օժանդակութեամբ կազմած, ստորագրած եւ դատական գործին կցած է իրականութեան չհամապատասխանող՝ դատական նիստի թղթային արձանագրութիւն՝ իբրեւ այդ օրը ժամը 09.30-09.36-ը դատական նիստ վարած է ու ներառած ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ, թէ դատական նիստին չեն ներկայացած պատշաճ ծանուցուած բողոքաբերը, նախաքննութեան մարմնի եւ դատախազութեան ներկայացուցիչները: Այդ հիմքով ալ դատական նիստը յետաձգած եւ նշանակած է մէկ այլ օր: Դատաւորը, ըստ Գլխաւոր դատախազութեան, այդպէս փորձած է ցոյց տալ, որ իրեն մակագրուած բողոքի քննութիւնը սկսած է օրէնքով սահմանուած տասնօրեայ ժամկէտի մէջ:

Նախաքննութեան մարմինը կը պնդէ, որ նոյն օրը եւ նոյն ժամուն Գրիգորեանը մէկ այլ նիստերու դահլիճի մէջ նիստերու քարտուղարի օժանդակութեամբ այլ դատական գործով դարձեալ թղթային կեղծ արձանագրութիւն կազմած է: Դատախազութեան պնդմամբ՝ օրէնքով դատական նիստի թղթային արձանագրութիւն կրնայ կազմուիլ բացառապէս դատարանին մէջ նիստերու ձայնագրման համակարգ չըլլալու պարագային: Ըստ իրաւապահներու՝ որեւէ տուեալ ձեռք չէ բերուած, որ այդ դահլիճներուն մէջ ձայնագրման ելեկտրոնային համակարգերը խափանուած եղած են:

Քրէական գործը յարուցուած է պաշտօնէական կեղծիք կատարելու յօդուածով: Գրիգորեանի վարոյթին մէջ գտնուող բոլոր գործերը համակարգչային ծրագրի միջոցով պիտի վերաբաշխուին: Փաստօրէն՝ Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործը եւս ուրիշ դատաւոր պիտի քննէ:

Դատախազութիւնը կտրականապէս կը հերքէ, թէ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէն ազատած դատաւոր Գրիգորեանի նկատմամբ ուշադրութիւնը պայմանաւորուած է նախկին նախագահի գործով: Այս գործի շրջագիծէն ներս դատաւորի իրաւունքներու խախտման մասին բարձրաձայնող Գրիգորեանի փաստաբանը եւս նման պնդումներ չէ ըրած, բայց համոզուած յայտարարած է՝ եթէ Գրիգորեանին առաջադրուի պաշտօնէական կեղծիք կատարելու մեղադրանք, ան պիտի չընդունի այն։

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ Գրիգոր Պեքմեզեանի խօսքով՝  Դատախազութեան յայտարարութեան մէջ նկարագրուած 2 դրուագներով համաձայնութիւն տուած են քրէական հետապնդում յարուցելու դատաւորի նկատմամբ, եւս մէկով՝ մերժած են:

«Երրորդ հիմքով, որը վերաբերում էր տօն օրը նմանատիպ արձանագրութիւն կազմելուն, մեր կողմից դիտուեց՝ ողջամիտ կասկած չառաջացնող՝ դատաւորի կողմից մեղքի առկայութեան մասով, դրա համար մենք այդ մասով մերժեցինք», – մանրամասնած է Պեքմեզեանը՝ պարզաբանելով․ – «Ոչ աշխատանքային օրը էլի կազմուել էր նմանատիպ արձանագրութիւն, բայց ակնյայտ էր, որ ոչ աշխատանքային օրը արձանագրութիւն կազմելու նպատակը եւ շարժառիթները հաստատ չկային։ Ենթադրում եմ՝ ուղղակի եղել է թիւրիմացութիւն կամ սխալմունք»։

Լիազօրութիւնները կասեցուած դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը չէ ցանկացած մեկնաբանել դատախազութեան յայտարարութիւնը։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է՝ երբ գայ ժամանակը, ինքն իր կարծիքը կը յայտնէ.-«Հարցերի պատասխանը որոշ ժամանակ անց կը ստանան բոլորը: Հիմա, զուտ ռազմավարական առումով, ես չեմ ուզում որեւէ պատասխան տալ, որովհետեւ դա անմիջականօրէն կապուած է լինելու իմ իրաւունքների իրացման հետ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment