Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանը Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակելու Միջնորդութիւնը Մերժուեցաւ

Մանուէլ Գրիգորեանը Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակելու Միջնորդութիւնը Մերժուեցաւ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրսեանը որոշում կայացուցած է մերժել Մանուէլ Գրիգորեանը գրաւի դիմաց ազատ արձակելու անոր պաշտպանի միջնորդութիւնը՝ անհիմն ըլլալու պատճառով։

Նշենք, որ Գրիգորեանի պաշտպան Լեւոն Պաղտասարեանը Յուլիս 30–ին հերթական անգամ միջնորդած էր դատարանին, որպէսզի փոխէ իր պաշտպանեալի նկատմամբ ընտրուած կալանաւորումը այլընտրանքային խափանման միջոց գրաւով։ Պաշտպանը որպէս գրաւի չափ առաջարկած էր  մինչեւ 25 միլիոն դրամ։

Յիշեցնենք, որ Յունիս 6–ին Մանուէլ Գրիգորեանը ծայրայեղ ծանր վիճակով «Դատապարտեալներու հիւանդանոց»էն տեղափոխուած էր «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոն, իսկ օրեր անց՝ «Նայիրի» բժշկական կեդրոն։

Համաձայն մեղադրական եզրակացութեան՝ Մանուէլ Գրիգորեանը ապօրինի կերպով՝ «Զէնքի մասին» ՀՀ օրէնքով նախատեսուած սահմանափակումներու շրջանցմամբ, կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի, որդիի՝ Արման Գրիգորեանի եւ քննութեամբ չպարզուած այլ անձանց հետ նախնական համաձայնութեամբ, ապօրինի կերպով ձեռք բերած են, փոխադրած եւ իրենց պատկանող երեք տուներուն մէջ ապօրինի կերպով պահած հրազէն, ռազմամթերք, ակոսափող հրազէնի փամփուշտներ, պայթուցիկ նիւթեր, ինչպէս նաեւ կատարած է տարբեր տեսակի յափշտակութիւններ։

Ան մը մեղադրուի 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ անոր յաջորդած օրերուն Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու պաշտպանութիւնը իրականացնող զինուորականներու եւ կամաւորներու կարիքները հոգալու նպատակով յատկացուած գոյքը իւրացնելու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment