Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իսթանպուլի Պայմանադրութիւն»ը Չի Նախատեսեր Միասեռական Ամուսնութիւններու Օրինականացում.Արդարադատութեան Նախարար

«Իսթանպուլի Պայմանադրութիւն»ը Չի Նախատեսեր Միասեռական Ամուսնութիւններու Օրինականացում.Արդարադատութեան Նախարար

by MassisPost

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեանն ու նախարարութեան մասնագէտները Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի ուղիղ եթերով պարզաբանումներ ներկայացուցած են «Կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման եւ անոր դէմ պայքարի մասին» (Իսթանպուլեան) պայմանադրութեան վերաբերեալ:

Բադասեանը ըսած է, որ պայմանադրութիւնը որեւէ կերպ չի նախատեսեր միասեռական ամուսնութիւններու օրինականացում, ինչը կը շահարկեն անոր դէմ հանդէս եկող շրջանակները:

Նախարարը աւելցուցած է, որ պայմանադրութիւնը միմիայն կանանց դէմ բռնութիւններու կանխարգելման ուղղուած է: «Այս պայմանադրութեան վաւերացմամբ ՀՀ իրաւական համակարգ նոր եզր չի ներմուծւում: Բնականաբար, հարց է ծագում, ովքե՞ր են այն խմբերը, ովքեր ամէն կերպ փորձում են պայմանադրութիւնը ներկայացնել հայ հասարակութեան համար զգայուն թեմաների դաշտում»,- ըսած է ան:

Պայմանադրութեան վաւերացման դէմ արտայայտուած էր նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցին: Ռուստամ Բադասեանը ըսած է, որ երկխօսութիւնը եկեղեցւոյ հետ պիտի շարունակեն, որպէսզի բոլոր մտահոգութիւնները վերանան:

Ան նշած է, որ կ’ուզէ յետադիմական ուժերու մեկնաբանութիւններուն անդրադառնալ, որոնք իրականութեան մէջ հասարակութեան հետ անկեղծ չեն: «Նրանք կարծում են, որ դաստիարակչական առումով կնոջ ու երեխաների հանդէպ բռնութիւնն արդարացուած է, նրանք դրա համար են ընդդիմանում պայմանադրութեան: Բայց ընտրել են այլ ռազմավարութիւն՝ հասարակութեան համար զգայուն թեմաներ են շօշափում՝ փորձելով բացասական կարծիք ստեղծել պայմանադրութեան վերաբերեալ»,- ըսած է ան:

Ըստ նախարարի՝ այս օրակարգը որեւէ կերպ պարտադրուած չէ միջազգային կառոյցներու կողմէ: Սա ՀՀ ստանձնած պարտաւորութիւնն է իր քաղաքացիներուն առաջ: «Վաւերացնելով պայմանադրութիւնը՝ մենք կ’ունենանք նոր հնարաւորութիւններ ու միջոցներ՝ բացառելու կնոջ նկատմամբ ցանկացած բռնութիւն ու խտրականութիւն: Սա մեր հասարակութեանն ամենաշատը պէտք է հետաքրքրի, եւ բոլորս պէտք է հետաքրքրուած լինենք պայմանադրութեան վաւերացման հարցով»,- ըսած է ան:

Նախարարը յիշեցուցած է՝ ՀՀ Սահմանադրութեան 35-րդ յօդուածի համաձայն՝ միայն «Ամուսնական տարիքի հասած կինը եւ տղամարդը միմեանց հետ իրենց կամքի ազատ արտայայտութեամբ ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու իրաւունք ունեն»: Իսկ Սահմանդրութիւնը ունի բարձրագոյն իրաւական ուժ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment