Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրէական Գործ Քոչարեանը Ազատ Արձակած Դատաւորին Դէմ

Քրէական Գործ Քոչարեանը Ազատ Արձակած Դատաւորին Դէմ

by MassisPost

Բարձրագոյն դատական խորհուրդը բաւարարած է Գլխաւոր դատախազութեան միջնորդութիւնը` քրէական գործ յարուցելու Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննող Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի նկատմամբ եւ ըստ այդմ ժամանակաւորապէս կասեցնել անոր լիազօրութիւնները որպէս դատաւոր։

Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամ Հայկ Յովհաննիսեանը, քրէական գործ յարուցելու՝ Դատախազութեան միջնորդութիւնը բաւարարուած է երկու դրուագով, երրորդը` մերժուած է: Գործի մանրամասները Բարձրագոյն դատական խորհուրդը չէ հրապարակած:

Գլխաւոր դատախազութիւնը օրերս յայտարարած էր, թէ դատաւոր Գրիգորեանի աշխատասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութիւնը եւ առգրաւումը հետապնդած են «բացառապէս մէկ իրաւաչափ նպատակ՝ գործով ձեռք բերել պաշտօնէական կեղծիք կատարուած լինելու հանգամանքը հաստատող կամ հերքող փաստական տուեալներ»:

Իրաւապահ մարմինը կտրականապէս հերքած էր, թէ Գրիգորեանի նկատմամբ ուշադրութիւնը կապուած է Ռոպերթ Քոչարեանի գործի հետ` պնդելով, որ պաշտօնէական կեղծիք կատարելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով պարզման ենթակայ հանգամանքներու վերաբերեալ քաղաքացին հաղորդում ներկայացուցած է այս տարուան Փետրուարին:

Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ եւ նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանի եւ Արկադի Ղուկասեանի երաշխաւորագրով ազատ արձակած էր Ռոպերթ Քոչարեանը, ապա գործի վարոյթը կասեցնելով՝ ուղարկած Սահմանադրական դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment