Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պորիս Ճոնսընի Պապը Հաշիւ Պահանջած է Հայոց Ցեղասպանութեան Համար. Կարօ Փայլան

Պորիս Ճոնսընի Պապը Հաշիւ Պահանջած է Հայոց Ցեղասպանութեան Համար. Կարօ Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Մեծ Բրիտանիոյ նոր վարչապետ Պորիս Ճոնսընի պապ Ալի Քեմալի հետ կապուած գրառում կատարած է Twitter–ի իր էջին։

Կարօ Փայլանը գրած է. «Ալի Քեմալը խիղճով քաղաքական գործիչ էր։ Ան հաշիւ պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան համար։ Եթէ կարենար յաջողութեան հասնիլ, ցեղասպան մտածելակերպը կը ջնջուէր պետութենէն։ Յանցանքը անպատիժ մնաց եւ կը կրկնուի»։

Նշենք, որ Բրիտանիոյ նոր վարչապետ Պորիս Ճոնսընի պապը՝ Ալի Քեմալը Օսմանեան Թուրքիոյ Ներքին գործոց վերջին նախարարն էր։ Ան եղած է Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները ձերբակալելու հրաման արձակողը: Անոր հայամէտ ըլլալուն համար Արթին Քեմալ անուանած են եւ փողոցին մէջտեղը սպանած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment