Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մնացականեանն ու Պախտաձէն Դրական Գնահատած են Հայաստան- Վրաստան Համագործակցութիւնը

Մնացականեանն ու Պախտաձէն Դրական Գնահատած են Հայաստան- Վրաստան Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանն ու Վրաստանի վարչապետ Մամուքա Պախտաձէն նախօրէին հանդիպման անդրադարձած են հայ-վրացական երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցերու՝ երկուստեք համոզմունք յայտնելով, որ յետագայ աշխոյժ փոխգործակցութիւնը պիտի նպաստէ երկու հարեւան ու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ շարք մը ուղղութիւններով համագործակցութեան ամրապնդմանն ու ընդլայնման:

ԱԳՆ լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ զրուցակիցները գոհունակութեամբ ընդգծած են առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը՝ նշելով, որ այդ կապերու փոխշահաւէտ արագ զարգացման համար անհրաժեշտ է համատեղ ջանքեր գործադրել առկայ մեծ ներուժի կիրառման ուղղութեամբ, նաեւ տարածաշրջանային նոր ծրագիրներու խթանման միջոցով:

Զոհրապ Մնացականեանը եւ Մամուքա Պախտաձէն դրական գնահատած են միջազգային կառոյցներու մէջ եւ բազմակողմ այլ հարթակներու վրայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Կողմերը Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան 10-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս միտքեր փոխանակած են այդ նախաձեռնութեան ապագայ տեսլականի եւ այդ ձեւաչափին մէջ համագործակցութեան ընդլայնմանն ուղղուած քայլերու շուրջ։

Վրաստանի վարչապետը եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ՝ շեշտելով տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այս ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Վրաստանի յետագայ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Mnatasaknian-Georgia armenians

Նոյն օրը նախարար Մնացականեանը հանդիպած է նաեւ վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:

Ան իր խօսքին մէջ նշած է, որ թէեւ Հայաստանն ու Վրաստանը տարածաշրջանին մէջ ունին տարբեր խնդիրներ, այնուամենայնիւ, երկու երկիրներուն կը միաւորէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան օրակարգի, սեփական ժողովուրդներու բարեկեցութեան նպաստող միջավայր ստեղծելու ընդհանուր շահը:

«Անչափ կարեւոր է, որ դուք՝ որպէս Վրաստանի քաղաքացիներ, Վրաստանի հասարակական կեանքի մասնակիցներ, Վրաստանի բարեկեցութեան, զարգացման մասնակիցներ, նաեւ հանդիսանում էք ձեր արմատների, ձեր ինքնութեան պահապանը: Դուք նաեւ կարեւորագոյն կամուրջ էք մեր երկու ժողովուրդների, պետութիւնների միջեւ՝ ներդրում ունենալով երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու, ամրապնդելու գործում։ Բոլորս գիտենք, որ առերեսւում ենք բազմաթիւ մարտահրաւէրների որպէս համայնք։ Սակայն իմ կարծիքով մեր համայնքների եւ, մասնաւորապէս, այս համայնքի իւրայատկութիւնը կայանում է նրանում, որ սա ոչ թէ ուղղակի մարդկանց խումբ է, որոնք տարին մի քանի անգամ կարող են հաւաքուել միասին սուրճ խմելու համար, այլ հայ համայնքի կարողութիւնն արտայայտւում է իր ինստիտուցիոնալ կազմակերպման մէջ։ Մենք ունենք ինստիտուցիոնալ առումով մեր ինքնութիւնն արտայայտելու տարբեր ձեւեր»,- ըսած է ան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment