Միջազգային Global Firepower կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2019 թուականի ուժեղագոյն բանակներու վարկանիշային ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած է 137 երկիր:
Հայաստանը այս տարի զբաղեցուցած է 96-րդ հորիզոնականը՝ նախորդ տարուան համեմատ դիրքերը զիջելով 12 կէտով: Առաջատար եռեակը հզօրագոյն բանակներու վարկանշային աղիւսակին մէջ կազմած են ԱՄՆ-ն, Ռուսաստանը եւ Չինաստանը:
Առաջատար տասնեակին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հնդկաստանը, Ֆրանսան, Ճափոնը, Հարաւային Քորէան, Միացեալ Թագաւորութիւնը, Թուրքիան եւ Գերմանիան:
Հարեւան երկիրներէն Ատրպէյճանը զբաղեցուցած է 52-րդ հորիզոնականը, Իրանը՝ 14-րդ: