Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պիտի Մասնակցի «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» Համաշխարհային Ցուցահանդէսին

Հայաստանը Պիտի Մասնակցի «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» Համաշխարհային Ցուցահանդէսին

by MassisPost

ՀՀ տնտեսութեան նախարար, «Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսին Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան գլխաւոր յանձնակատար Տիգրան Խաչատրեանը եւ ցուցահանդէսի գործադիր տնօրէն Նաճիպ Ալ-Ալին  ՀՀ տնտեսութեան նախարարութենէն ներս ստորագրած են ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ պայմանագիրը։

Նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ այնուհետեւ Տիգրան Խաչատրեանը եւ Նաճիպ Ալ-Ալին քննարկած են ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութեան առնչուող շարք մը կազմակերպչական հարցեր։

Կողմերը զրուցած են նաեւ ցուցահանդէսին Հայաստանի ազգային օրուայ կազմակերպման հարցի շուրջ։

Հանդիպման ներկայ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ ԱլԶաապին։

«Տուպայ ԷՔՍՓՕ-2020» համաշխարհային ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ «Միտքերու միաւորում, ապագայի ստեղծում» խորագրով։ Այն պիտի մեկնարկի 2020 թուականի Հոկտեմբեր 20-ին եւ պիտի տեւէ շուրջ 6 ամիս։

Ցուցահանդէսին պիտի մասնակցի 192 երկիր։ Մասնակից երկիրները պիտի ներկայացնեն իրենց մշակութային ժառանգութիւնը, տնտեսութիւնը, մասնաւորապէս՝ ներդրումային եւ զբօսաշրջային ներուժը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment