Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերաքննիչը Դատարանը Մերժած է Քոչարեանի Գոյքի Կալանքի Որոշման Դէմ Դատախազութեան Բողոքը

Վերաքննիչը Դատարանը Մերժած է Քոչարեանի Գոյքի Կալանքի Որոշման Դէմ Դատախազութեան Բողոքը

by MassisPost

Վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժած է Ռոպերթ Քոչարեանի գոյքի վրայ դրուած կալանքի վերաբերեալ առաջին ատեանի դատարանի որոշման դէմ Դատախազութեան բողոքը։

2018 թուականի Յուլիս 30-ին կալանք դրուած էր Մարտ 1-ի գործով սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Հայաստանի երկրորդ նախագահի գոյքի եւ դրամատնային հաշիւներուն վրայ: Այս տարուան Յունիս 7-ին Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի նախագահութեամբ, մասնակի բաւարարած է պաշտպան Յովհաննէս Խուդոյեանի ներկայացուցած բողոքը՝ արձանագրելով Ռոպերթ Քոչարեանի իրաւունքներու խախտում: Դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուցած էր դատարանի այդ որոշման դէմ:

Վերաքննիչը՝ դատաւոր Արսէն Նիկողոսեանի նախագահութեամբ, Ուրբաթ օր հետաձգած էր դատական նիստը մինչեւ Չորեքշաբթի ժամը 12-ը՝ բողոքաբերի դիրքորոշումը եւ պարզաբանումները լսելու համար: Դատախազութեան ներկայացուցիչները մասնակցած էին նիստին:

Ռոպերթ Քոչարեանը եւս ներկայ եղած է դատական նիստին, ան կալանաւորուած էր Յունիս 25-էն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment