Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաւապաշտպան Հասարակական Կազմակերպութիւնները կը Պահանջեն Քաղաքական Գնահատական Տալ «Պետութեան Զաւթման»

Իրաւապաշտպան Հասարակական Կազմակերպութիւնները կը Պահանջեն Քաղաքական Գնահատական Տալ «Պետութեան Զաւթման»

by MassisPost

Հելսինքեան քաղաքացիական ասամպլէայի Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունցի կարծիքով, «պետութեան զաւթման» պէտք է տրուի քաղաքական գնահատական:

Անոր ղեկավարած կազմակերպութիւնը, «Թրանսփարընսի Ինթըրնեշնլ հակակաշառակերային կեդրոնի», «Բաց հասարակութեան հիմնադրամներ – Հայաստանի», Իրաւունքի զարգացման եւ պաշտպանութեան հիմնադրամի եւ Ժուռնալիսթներու «Ասպարէզ» ակումբի հետ համատեղ մօտ 30 էջանոց դիտարկումներ ու առաջարկութիւններ  ներկայացուցած են յառաջիկայ երեք տարիներու հակակաշառակերային ռազմավարութեան նախագիծի վերաբերեալ։

«Պետութեան զաւթման» գնահատական տալու առաջարկը այդ փաստաթուղթին մէջ ներառած են:

Ինչո՞ւ «պետութեան զաւթում»․ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները յղում կ’ընեն միջազգային փորձին, թէ տասնեակ տարիներով բարգաւաճող փտածութիւնը Հայաստանի մէջ պէտք է բնորոշել այդ եզրոյթով:

«Մենք նոյնիսկ բացել ենք այդ պետութեան զաւթման դրսեւորումները: Խօսքը վերաբերում է ընտրութիւնների արդիւնքների կեղծման փաստին, հանրային միջոցների զաւթման փաստին, զանգուածային լրատուամիջոցների իւրացման փաստին, քաղաքական ընդդիմադիրների եւ աքթիւիսթների նկատմամբ հետապնդումներին: Այսինքն, մենք էստեղ բացայայտում ենք փտածութեան տարբեր սխեմաների դրսեւորումները տարբեր բնագաւառներում, նաեւ անդրադառնում ենք դրանց արդիւնք հանդիսացող անպատժելիութեան երեւոյթին: Պետութիւնը եղել է համակարգային փտածութեան մեխանիզմների միջոցով զաւթուած: Եւ եթէ դու չես տալիս այդ գնահատականը, ապա այս ռազմավարութեան ինքնին նպատակները դառնում են անհասկանալի», – պարզաբանած է Սաքունցը:

Անոր խօսքով, «պետութեան զաւթումը» պէտք է ճանչցուի թէ՛ հակափտածութեան ռազմավարութեան մէջ, թէ՛ խորհրդարանի կողմէ:

Իրաւապաշտպանը կը կարծէ, որ խորհրդարանը պէտք է հանդէս գայ յայտարարութեամբ, որ վերջնական տեսքի պէտք է բերեն թէ՛ քաղաքացիական հասարակութիւնը, թէ՛ Ազգային ժողովի իշխանականներն ու ընդդիմադիրները: Սաքունցը ընդգծած է՝ պետութեան զաւթման մասին յայտարարութիւնը պէտք է վերաբերի «Հայաստանի անկախութեան ողջ ժամանակահատուածին՝ մինչեւ թաւշեայ յեղափոխութիւն».- «Պէտք է տրուի ամբողջական գնահատական, ոչ թէ դրուագային»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment