Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ Բացայայտելու Հրանդ Տինքի Սպանութեան Բոլոր Կազմակերպիչները

ԵԱՀԿ Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ Բացայայտելու Հրանդ Տինքի Սպանութեան Բոլոր Կազմակերպիչները

by MassisPost

Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) կոչ ըրած է թրքական կառավարութեան գտնելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու բոլոր անոնք, որոնք 2007 թուականին կազմակերպած են «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի, սպանութիւնը:

Այս կոչը հրապարակուած է Յուլիս 19-ին, օր մը առաջ սպանութեան մէջ մեղադրուող եօթը ամբաստանեալներու դէմ դատարանի արձակած երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներէն ետք: ԵԱՀԿ ողջունած է դատարանի որոշումը, սակայն յայտնած է որ աւելին պէտք է ընել յայտնաբերելու համար բոլոր մեղսակիցները:

«12 տարի ետք, Հրանդ Տինքի հարազատները եւ ընկերները արժանի են իմանալու բոլոր ճշմարտութիւնը»,- ըսուած է ԵԱՀԿ-ի յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment