Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը ներկայիս գերազանց յարաբերութիւններ ունին․ Սվիթալսքի

Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը ներկայիս գերազանց յարաբերութիւններ ունին․ Սվիթալսքի

by MassisPost

Հայաստանի ու Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները գերազանց են, նման յայտարարութիւն ըրած է Երեւանի մէջ իր քառամեայ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտող Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար Փիոթր Սվիթալսքին:

«Թոյլ տուէք կրկնել այն, ինչ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքը ըսաւ Երեւանի մէջ․ մեր գնահատականն է՝ ներկայիս Հայաստանի հետ ունինք գերազանց յարաբերութիւններ: Բոլոր այն գործօնները, որոնք սովորաբար հաշուի կ’առնուին՝ գնահատելու յարաբերութիւններու մակարդակը, թոյլ կու տան խօսիլ նման յարաբերութիւններու մասին: Նախեւառաջ, մենք ունինք շատ  բարեկամական քաղաքական երկխօսութիւն՝ բարձրագոյն մակարդակէն սկսած: Խօսեցայ նախագահ Թուսքի հայաստանեան այցելութեան մասին, որ շատ կարեւոր իրադարձութիւն էր: Վարչապետ Փաշինեանը այցելած է Պրիւքսէլ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Եւրոմիութեան պաշտօնեաները քանի մը հանդիպումներ ունեցած են, տարբեր մակարդակներու համար նախատեսուած թեխնիքական առաքելութիւններ այցելած են Հայաստան եւ, ի վերջոյ, Պրիւքսէլի մէջ բազմաթիւ երկխօսութիւններ կայացած են», – նշած է Սվիթալսքին:

Սվիթալսքին շարունակած է՝ Հայաստանի ու Եւրոմիութեան միջեւ կնքուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը իրականացման փուլի մէջ է:

«Մենք էականօրէն մեծցուցած ենք Հայաստանի զարգացման համար նախատեսուած նիւթական աջակցութիւնը: Ինչպէս տեղեակ էք, Հայաստանը ստացած է 25 միլիոն եւրօ, այսպէս կոչուած, հովանաւոր ֆոնտի շրջանակէն ներս, եւ այդ ֆոնտը հայեցողական ֆոնտ է, որ նախատեսուած է բացառապէս բարեփոխումներու իրականացման համար: Հայաստանը կրնայ հպարտանալ, որ իր՝ հովանաւոր ֆոնտի չափը աւելի մեծ է, քան Վրաստանի պարագային: Սա նշանակութիւն ունի: Հովանաւոր ֆոնտի չափը կը նշանակէ վերջին շրջանին Հայաստանի իրականացուցած բարեփոխումներու ճանաչում: Մասնաւորապէս, խօսքը անցած տարուան դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին է: Սակայն միայն այդ մասին չէ խօսքը: Եթէ այս ամէնը միասին դիտարկենք, կրնանք ըսել, որ Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի միջեւ համագործակցութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ է», – ընդգծած է Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավարը:

Փիոթր Սվիթալսքին յայտարարած է՝ Պրիւքսէլը պատրաստակամ է աջակցելու հայաստանեան դատական բարեփոխումներուն, սակայն ամենեւին մտադիր չէ Երեւանին պարտադրել իր օրակարգը կամ թէ ինչ եղանակով բարեփոխումներ իրականացնել դատական համակարգի մէջ:

«Եւրոմիութիւնը ընդգծած է, որ պատրաստակամ է ամուր աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին դատական բարեփոխումներու գործին վերաբերեալ: Այս աջակցութեան մասին փոխանցած ենք մեր հայաստանցի գործընկերներուն՝ սկսած ամենաբարձր մակարդակէն: Յիշատակեցինք նախագահ Թուսքի՝ հայաստանեան այցի մասին, կը յիշէք՝ ինչ ըսաւ ան Երեւանի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ինչը կ’արտայայտէր Հայաստանի վարչապետի նախագահի հետ ունեցած երկխօսութիւնը: Եւրոմիութիւնը վճռական է՝ աջակցիլ հայաստանեան կողմի քայլերուն՝ բարեփոխելու դատական համակարգը եւ ստեղծելու իրապէս անկախ, մաքուր եւ արդիւնաւէտ դատական համակարգ: Պատրաստակամ ենք ցուցաբերելու քաղաքական, թեխնիքական ու նիւթական աջակցութիւն». – ըսած է Սվիթալսքին:

Դեսպանը ընդգծած է՝ Պրիւքսէլը պատրաստակամ է նշանակալից նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերել դատական բարեփոխումներու գործին՝ անյապաղ աջակցութիւն, որ պատրաստ կ’ըլլայ արդէն այս աշնան, եւ բազմամիլիոն աջակցութիւն՝ գալիք 3-4 տարիներու համար:

Ըստ Սվիթալսքիի, եթէ նախորդ տարիներուն Եւրոմիութիւնը՝ միայն երկկողմ ծրագիրներու միջոցով Հայաստանին կը ցուցաբերէր տարեկան միջինը 35 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն, ապա այս տարի այդ թիւը կրկնապատկուած է ու դարձած 70 միլիոն եւրօ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment