Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանը չէ Միացած Կրօնի Ազատութեան Նախարարական Համաժողովի Յայտարարութեան

Ատրպէյճանը չէ Միացած Կրօնի Ազատութեան Նախարարական Համաժողովի Յայտարարութեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը Հարաւային Կովկասի միակ երկիրն է, որ հրաժարած է ստորագրելէ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած «Կրօնի ազատութեան նախարարական համաժողովի» եզրափակիչ յայտարարութիւնը, կը յայտնէ «Թուրան» գործակալութեան թղթակիցը:

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան մօտ տեղի ունեցած եռօրեայ նախարարական հանդիպումներու ժամանակ ելոյթներ ունեցած են Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսը, պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, 106 երկիրներէ աքթիւիսթներ եւ կրօնական գործիչներ:

Կրօնի հարցերով աշխարհի խոշորագոյն այդ համաժողովին Հայաստանը ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը, Ատրպէյճանը՝ երկրի Կրօնական կառոյցներու հետ աշխատանքի հարցերը կարգաւորող յանձնաժողովի նախագահ Մուպարիզ Ղուրպանլին:

Աղբիւրի համաձայն՝ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը հրաժարած է ստորագրելէ մասնաւորապէս աստուած անարգութեան եւ ուրացողութեան վերաբերեալ օրէնսդրութեան հետ կապուած յայտարարութիւնը: Հայաստանը եւ Վրաստանը միացած են անոր:

Կրօնական ազատութիւններու մասին ամէնամեայ զեկոյցներուն մէջ ամերիկեան Պետական քարտուղարութիւնը պարբերաբար կը քննադատէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները հաւատացեալներու ազատութիւնները սահմանափակելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment