Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Հիւրընկալած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեանը

Նիկոլ Փաշինեանը Հիւրընկալած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ Նահանգի Վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեանը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հիւրընկալած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլետիս Պերեճիքլեանը, որ Հայաստան կը գտնուի մասնաւոր այցով:

«Ուրախ եւ հպարտ ենք Աւստրալիայում Ձեր գործունէութեամբ: Այսօր Դուք աշխարհում ամենաազդեցիկ հայ կանանցից մէկն էք եւ հաճելի է հանդիպելու հնարաւորութեան համար»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: Կառավարութեան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ Կլետիս Պերեճիքլեանի գործունէութեան շնորհիւ աւելի կը զարգանան Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները ու կ’ընդլայնուին փոխադարձ հետաքրքրութիւնները:

Կլետիս Պերեճիքլեանը վարչապետը շնորհաւորած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դրական զարգացումներու կապակցութեամբ եւ նշած, որ հայրենիքի իրադարձութիւններուն ուշադրութեամբ կը հետեւին նաեւ Աւստրալիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Ան ընդգծած է, որ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն՝ այս անգամ հանրութեան շրջանին կը նկատէ մեծ ոգեւորութիւն եւ ապագայի նկատմամբ հաւատ:

Տիկին Պերեճիքլեանը ներկայացուցած է իր գործունէութիւնը Նոր Հարաւային Ուէյլզ նահանգի մէջ եւ պատմած Աւստրալիոյ հայ համայնքի մասին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ համագործակցութեան զարգացման, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment