Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իջեւանի Բախումներուն 11 Ոստիկաններ Վիրաւորուած են. Կան Ձերբակալուածներ

Իջեւանի Բախումներուն 11 Ոստիկաններ Վիրաւորուած են. Կան Ձերբակալուածներ

by MassisPost

Իջեւանի մէջ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներէն ետք ձերբակալուած է 13 անձ: Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ անոնք ձերբակալուած են խումբ մը անձանց կողմէ որպէս զէնք օգտագործուող առարկաներու գործադրմամբ խուլիկանութիւն կատարելու կասկածանքով, եւս 6 անձի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին:

Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է Հայաստանի ոստիկանութեան լրատուական ծառայութեան ղեկավար Աշոտ Ահարոնեանը, տարբեր վնասուածքներ ստացած 11 ոստիկաններ դիմած են հիւանդանոց՝ բուժօգնութեան, վնասուածքները հասցուած են հիմնական նետուած քարերով եւ փայտէ ձողերով: Հիւանդանոց դիմած է նաեւ մէկ քաղաքացիական անձ:

Ըստ Ահարոնեանի՝ Ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը երէկ գիշերուընէ կը գտնուի Իջեւան քաղաքի մէջ:

Ճանապարհները բաց են: Իջեւան են Ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու ծառայողներ, որոնք կը վերահսկեն իրավիճակը։

Քննչական կոմիտէի մամուլի քարտուղար Նայիրա Յարութիւնեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած բախումներու փաստով յարուցուած է քրէական գործ:

Գործը կը քննուի Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան (ՅԿԳ) գլխաւոր վարչութեան մարդու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան մօտ: Յատկապէս կարեւոր գործերու գլխաւոր վարչութեան պետի յանձնարարութեամբ կազմուած է քննչական խումբ, մշակուած է քննչական ծրագիր:

«Այս պահին մի քանի տասնեակ անձինք բերման են ենթարկուել Ոստիկանութեան Իջեւանի բաժին, ինչպէս նաեւ Երեւանի ոստիկանութեան 6-րդ վարչութիւն: Քննիչները եւ ոստիկանները այս պահին ձեռնարկում են անհրաժեշտ քննչական, դատավարական, հետախուզական անյետաձգելի գործողութիւններ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու, ցոյցի բոլոր մասնակից անձանց շրջանակը յստակեցնելու, նրանցից իւրաքանչիւրի գործողութիւններին քրէաիրաւական գնահատական տալու վերաբերեալ», – հինգշաբթի առաւօտեան ըսած է Յարութիւնեանը՝ աւելի ուշ փոխանցելով, որ ձերբակալուած է 13 անձ, եւս 6-ի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւն՝ չհեռանալու մասին:

Իջեւանի մէջ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն անդրադարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ շեշտելով․ – «Երէկուայ դէպքերի մեղաւորները, ինչպէս նաեւ ապօրինի ծառահատումների կազմակերպիչները պիտի պատժուեն խստութեամբ»: «Ապօրինի ծառահատումները կասեցնելու ենք ամենայն վճռականութեամբ», – ըսած է վարչապետը:

Փաշինեանը Ֆէյսպուքի մէջ նաեւ տեսանիւթ տարածած է, ուր Իջեւանի մէջ գտնուող ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Ոստիկանութեան զօրքերուն՝ երեկուայ միջադէպի ժամանակ իրականացուցած ծառայութեան համար:

Ոստիկանապետը անթոյլատրելի կը համարէ բոլոր անօրինական գործողութիւնները՝ ուղղուած հասարակական կարգի դէմ: «Հանդուրժող չենք լինելու որեւէ մէկի նկատմամբ, բոլորը իրենց կատարած արարքի համար պէտք է կրեն օրէնքի նախատեսուած պատիժը», – յայտարարած է Օսիպեանը:Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ոստիկանութեան ծառայողներուն իրականացուցած ծառայութեան համար, ըսելով, որ հպարտ է, որ կը ղեկավարէ այս կառոյցը, ուր խիզախ, բարեխիղճ Ոստիկանութեան զօրքերու ծառայողներ կան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment