Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Վերադարձէք Ձեր Երկիրը»

«Վերադարձէք Ձեր Երկիրը»

by MassisPost

Ամերիկայի մէջ անհատի մը դէմ ուղղուած ամենէն վիրաւորական խօսքերէն մէկն է՝ «վերադարձիր քու երկիրդ»: Երբ հասարակ քաղաքացի մը կ՛օգտագործէ նման արտայայտութիւն փոքրամասնութեան մը պատկանող մէկ այլ անձի դէմ, ան կը նկատուի ռասիստ ու ցեղապաշտ: Իսկ երբ նման բան արտասանողը երկրի նախագահն է եւ խօսքը ուղղուած է Գոնկրէսի անդամներուն, այդ պարագային հարցը կը վերածուի մեծ գայթակղութեան ու կը յառաջացնէ քաղաքական փոթորիկ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանոլտ Թրամփ անցեալ Կիրակի առաւօտեան, առանց որեւէ դրդապատճառի «թուիթրեան» շարք մը գրառումներով Ներկայացուցիչներու Տան չորս կին անդամներ մեղադրելով «հակա-ամերիկեան» կեցուածք ունենալու մէջ, կոչ ըրաւ անոնց «վերադառնալու իրենց երկիրները»: Զարմանալին սակայն այն է, որ այդ չորս Գոնկրէսականներէն երեքը՝ Փորթօ Ռիքոցի ծագումով Ալեքսանտրիա Օքասիօ Քորթեզ, սեւամորթ Այանա Փրեսլի եւ պաղեստինցի ծագումով Ռաշիտա Թայիպ Ամերիկա ծնած ու մեծցած են, իսկ չորրորդը Իլհամ Օմար փոքր տարիքէն Սոմալէն գաղթական եկած է Ամերիկա եւ առաջին եւ միակ Իսլամ կին գոնկրէսականը կը նկատուի: Այս չորս քաղաքական գործիչները անցեալ Նոյեմբերին առաջին անգամ ընտրուեցան Ներկայացուցիչներու Տան անդամներ, հանդիսանալով մարմինէն ներս յառաջդիմական գաղափարներու պաշտպաներ ու դարձան Թրամփի բուռն քննադատներ:

Մօտ անցեալին երկրի նախագահը հրապարակաւ «ստախօս» եւ կան «ռասիստ» կոչելը կը նկատուէր անընդունելի երեւոյթ: Մամուլն ու քաղաքական գործիչները կը մերժէին նախագահի հասցէին նման որակումներ կատարել: Սակայն Թրամփի օրօք ամէն ինչ գլխիվար դարձած է, անոր յաճախակի սուտերուն եւ շատերու հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններուն պատճառաւ:

Ներկայացուցիչներու Տան Դեմոկրատ մեծամասնութիւնը չուշացաւ պաշտօնական բանաձեւով մը դատապարտելու Թրամփի «Թուիթըրի» գրառումները, զանոնք կոչելով ռասիստական: Նման բանաձեւի մը որդեգրումը ինքնին եզակի երեւոյթ է Գոնկրէսի պատմութեան մէջ: Թրամփի խօսքերը դատապարտող խմբագրականներ հրապարակեցին նաեւ Ամերիկայի գլխաւոր թերթերը:

Քաղաքական մեկնաբանները գրեթէ համակարծիք են, որ Թրամփ գիտակցաբար կը դիմէ նման գրգռիչ միջոցներու, իր փոքրամասնութիւն կազմող համակիրները զօրաշարժի ենթարկելու նպատակով: Ան շատ լաւ գիտէ, որ վերընտրութեան միակ յոյսը այդ զանգուածի առաւելագոյն մասնակցութիւնն է գալիք ընտրութիւններուն, միաժամանակ հակառակ կողմի քուէարկողներու թիւի կրճատումը:

Յստակ է, որ Տանոլտ Թրամփ պատրաստ է դիմելու ամէն միջոցի իր վերընտրութիւնը ապահովելու համար, ու այդ ուղղութեամբ յօժար է ոչ միայն պառակտելու երկիրը, այլ նաեւ քանդելու անոր հիմնական սկզբունքները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment