Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Ճնշում Պէտք Չէ Գործադրէ Հայաստանի Վրայ՝ Իրանական Պատժամիջոցներուն Հետեւանքով, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան

ԱՄՆ Ճնշում Պէտք Չէ Գործադրէ Հայաստանի Վրայ՝ Իրանական Պատժամիջոցներուն Հետեւանքով, Ուաշինկթընի Մէջ Յայտարարեց Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Միացեալ Նահանգներ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը Յուլիս 16-ին, հեղինակաւոր Աթլանթեան Խորհուրդի (Atlantic Council) կեդրոնին մէջ հանդէս եկած է ելոյթով՝ նուիրուած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարներուն:

Ելոյթէն ետքշ ներկայ Ամերիկացի պետական եւ փորձագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ ծաւալած է շահագրգիռ քննարկում Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Հայաստանի մէջ սպասուող դատական համակարգի բարեփոխումներու, հայ-ամերիկեան երկկողմ օրակարգի զարգացման եւ այլ հարցերու շուրջ, կը հաղորդէ ԱԺ լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

ՀՀ ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ԱՄՆ-ի գործընկերներուն տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի տնտեսութիւնը վնասներ կը կրէ Իրանի դէմ պատժամիջոցներէն եւ որ Հայաստանը չի կրնար հրաժարիլ Իրանէն կազ գնելէն:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ առկայ լարուածութիւնը բացասաբար կ’անդրադառնայ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ: Մենք կը ցանկանք, որ ԱՄՆ ճնշում չգործադրէ Հայաստանի վրայ՝ իրանական պատժամիջոցներու օրակարգին մէջ ներգրաւելու համար: Հայաստանը չի կրնար նման գին վճարել»,-ըսած է Միրզոյեանը:

Միրզոյեանը նկատած է, որ յարաբերութիւններու զարգացումը բարեկամ երկրի մը հետ պէտք չէ ըլլայ մէկ այլ բարեկամ երկրի հաշուոյն: ԱԺ նախագահը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Հայաստանը հետաքրքրուած է ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելով:

Միրզոյեանը իր «Ֆէյսպուք»-ի էջին տեղեկացուցած է, որ շատ հետաքրքիր եւ բուռն քննարկում տեղի ունեցած է:
Աթլանթեան Խորհուրդէն ներս խօսած են նաեւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին օրակարգերու այլ կարեւոր հարցերու՝ Արցախեան հիմնախնդրէն մինչեւ դատաիրաւական բարեփոխումներ: Միրզոյեանը ընդգծած է Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարը: «Այսօրուայ իշխանութիւնը ունի ուժեղ քաղաքական կամք եւ հաւատարմութիւն ժողովրդավարական արժէքներու, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատման համար»,-ըսած է Միրզոյեանը:

Օրուայ ընթացքին Ազգային ժողովի խօսնակը National Endowment for Democracy կազմակերպութեան կառավարող խորհուրդի հետ քննարկած է քաղաքական հասարակութեան եւ մետիային աջակցութեան տրամադրման հարցը:
Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատունէն ներս Արարատ Միրզոյեանը ընդունած է Միջազգային հանրապետական հիմնարկի փոխնախագահ Սքոթ Մեսքիթը: Կողմերը քննարկած են Ազգային ժողովի կարողութիւններու զարգացմանն ուղղուած համատեղ ծրագրերու օրակարգը:

Օրուայ աւարտին ԱԺ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Ուաշինկթընի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ եւ միտքեր փոխանակած Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու եւ խորհրդարանի աշխատանքներու վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment