Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութեան Հետ Համագործակցութեան Նոր Հեռանկարներ Հայաստանի Համար

Եւրոմիութեան Հետ Համագործակցութեան Նոր Հեռանկարներ Հայաստանի Համար

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը կը յայտարարէ Եւրոմիութեան հետ համագործակցութեան ընդլայնման մտադրութեան մասին:

Երեւանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի հետ համատեղ յայտարարութեան ժամանակ այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը․ – «Ընդգծեցի ԵՄ եւ ԵՄ անդամ պետութիւնների հետ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնների քաղաքական յանձնառութիւնը: Երկուստեք նշուեց Հայաստան – ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին պայմանագրի մեծ նշանակութիւնը, եւ եւրոպական երկրների կողմից այն շուտափոյթ վաւերացնելու կարեւորութիւնը»:

Տարածաշրջանային այցով Երեւան գտնուող Եւրոմիութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայի հետ Կառավարութեան շէնքէն ներս Հայաստանի վարչապետը բանակցեցաւ մօտ մէկ ժամ:

«Հայաստանի դրական ընթացքը ստեղծեր է նոր հնարաւորութիւններ մեր համագործակցութեան համար: Իմ այցելութիւնը ապացոյցն է այն կարեւորութեան, որ Եւրոմիութիւնը կը վերագրէ Հայաստանի ու տարածաշրջանի հետ մեր յարաբերութիւններուն: Այսօրուայ մեր քննարկումները ընդգծեցին մեր գործընկերութեան համաձայնագրի արդիւնաւէտ իրականացումը: Սա յաւակնոտ համաձայնագիր է, որ կը սատարէ Հայաստանի արդիականացման: Եւրոմիութիւնը պիտի շարունակէ տրամադրել թեխնիքական ու ֆինանսական օժանդակութիւն՝ այս համաձայնագրի իրականացման համար», – ըսած է Թուսքը:

Փաշինեանի խօսքով, բանակցութիւններու ընթացքին ինքը վերահաստատած է օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի՝ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ խօած է անկախ դատական համակարգ կառուցելու ուղղութեամբ գործադրած ջանքերու մասին՝ այս հարցի մէջ մեծապէս կարեւորելով Եւրոմիութեան աջակցութիւնը:

Հայաստանի Վիճակագրական կոմիտէի համաձայն, 2018-ին Եւրոմիութեան հետ առեւտուրը կազմած է մէկ միլիառ 830 միլիոն տոլար, ինչը 19 տոկոսով աւելի է 2017 թուականի համեմատ: Հայաստանի ողջ արտաքին առեւտուրին մէջ Եւրոմիութեան բաժինը անցած տարի կազմած է 24,8 տոկոս, եւ այդ ցուցանիշով Եւրոմիութիւնը զբաղցուցած է երկրորդ հորիզոնականը՝ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) ետք:

«Ճանչնալով բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան գործադրած ջանքերը՝ Եւրոմիութիւնը գրեթէ կրկնապատկած է 2019 թուականի համար նախատեսուած մեր օժանդակութիւնը Հայաստանին: Այս միջոցները կ’օգնեն իրականացնել գերակայ ծրագիրները՝ ներառեալ կառուցուածքային եւ բնապահպանական», – նշած է Թուսքը:

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութենէն «Ազատութեան» տեղեկացուցած են, որ այս տարի Պրիւքսէլի աջակցութիւնը Երեւանին պիտի կազմէ 65 միլիոն եւրօ: Նախորդ տարի այդ թիւը եղած է 46 միլիոն, իսկ 2017-ին՝ 34,5 միլիոն եւրօ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment