Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Ռազմական Լուծում Չկայ». Տանըլտ Թուսք

«Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Ռազմական Լուծում Չկայ». Տանըլտ Թուսք

by MassisPost

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ միայն քաղաքական ճանապարհով եւ միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու համաձայն: Այս մասին յայտարարած է Եւրոխորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքը Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս Ատրպէյճան»-ը:

«ԵՄ-ն կ’աջակցի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Խօսեր ենք տարածաշրջանին մէջ կայունութեան մասին, քննարկեր ենք չլուծուած ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: Ռազմական լուծում չկայ, կայ միայն քաղաքական լուծում՝ միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու համաձայն: ԵՄ-ն կը շարունակէ լիովին աջակցիլ Մինսքի խումբի համանախագահներու՝ արդար եւ երկարատեւ կարգաւորմանն ուղղուած ջանքերուն՝ հիմնուած Հելսինքեան եզրափակիչ սկզբունքներու վրայ»,- ըսած է Թուսքը:

«Սակայն ինչպէս համանախագահները, այնպէս ալ մենք մտահոգուած ենք շփման գիծին վերջին զոհերու կապակցութեամբ: Կարեւոր են զսպուածութիւնը, խաղաղութեանն ու արդիւնաւէտ բանակցութիւններուն նպաստող մթնոլորտի վերականգնումը: ԵՄ-ն կ’աջակցի խաղաղութեան պահպանմանն ուղղուած գործունէութեան եւ պատրաստ է նպաստելու բնակչութեան խաղաղութեան նախապատրաստելուն ուղղուած միջոցներուն»,- աւելցուցած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment