Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թրքական ու Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները Ապատեղեկատւութիւն կը Տարածեն. Շուէտի ԱԳՆ-ի Հերքումը

Թրքական ու Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները Ապատեղեկատւութիւն կը Տարածեն. Շուէտի ԱԳՆ-ի Հերքումը

by MassisPost

Օրերս թրքական ու ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկատւութիւն տարածած էին՝ պնդելով, որ Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկօ Ուոլսթրիոմը Յուլիս 5-ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ յայտարարած է, որ «մեր կառավարութեան համար դժուար է 1915 թուականին հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան մասին պնդումները ընդունիլ»  եւ աւելացուցած, որ որեւէ երկրի ցեղասպան յայտարարելու համար հարկաւոր են հիմնաւոր ապացոյցներ:

Շուէտի նախարարի վերոնշեալ յայտարարութեան հաւաստիութիւնը պարզելու համար Ermenihaber.am-ը հարցում ուղարկած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ինչին ի պատասխան Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էլին Թիպելլը յայտնած է, որ նախարարը նման յայտարարութեամբ հանդէս չէ եկած եւ վերոնշեալ հրապարակումները չեն արտացոլեր իրականութիւնը: Թիպելլը նաեւ ներկայացուցած է մամուլի ասուլիսի ընթացքին նախարարի խօսքը, որուն մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին անդրադառնալու ժամանակ վերջինս մասնաւորապէս ըսած է.

«Այն հարցը, թէ ինչպէս պէտք է որեւէ կառավարութիւն որակէ պատմական զանգուածային բռնութիւնները, կը պարունակէ միջազգային իրաւունքի, ինչպէս նաեւ սահմանադրական, քրէական եւ քաղաքական նպատակներ: Նախապէս բազմիցս ըսած եմ, որ սա բարդ հարց է:  Նկատի առնելով  խնդրի բարդ էութիւնը,  կառավարութիւնը քանի մը տարի առաջ դիմած էր փորձագէտի՝ հարցը ուսումնասիրելու խնդրանքով: Փորձագէտն ալ իր զեկոյցին մէջ նշած է, որ քանի որ հարցը շատ բարդ է, ուստի կառավարութիւններու մեծ մասը կը նախընտրէ պատմական զանգուածային այդ բռնութիւնները ցեղասպանութիւն չանուանել»:

Նշենք, որ Շուէտի խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր դեռ 2010 թուականին: Ի տարբերութիւն օրէնսդիր մարմնի՝ Շուէտի Արտաքին գործոց նախարարը թէ՛ 2018-ին, թէ՛ 2019-ին  քանի մը անգամ յայտարարած է, որ երկրի կառավարութիւնը չի կրնար կատարուածը ցեղասպանութիւն որակել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment