Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Ի Վերջոյ Պինալի Եըլտըրըմ Յիշեց իր Քրտական Ծագումը

Ի Վերջոյ Պինալի Եըլտըրըմ Յիշեց իր Քրտական Ծագումը

by MassisPost

hampartsum-aghbashianՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Ի վերջոյ Պինալի Եըլտըրըմ յիշեց իր Քրտական ծագումը, կամ աւելի ճիշտ իրմէ պահանջուեցաւ այդպէս ընել, որովհետեւ ան Պոլսոյ քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրլեու համար, քաղաքի քիւրտ քուէարկուներու աջակցութեան խիստ կարիքը ունէր. ան փոքր տարբերութեամբ վնաս կրած էր ընտրութիւններու առաջին փուլին   իր մրցակից Էքրէմ Իմամօղլուի դէմ. Եըլտըրըմ երկրի նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհուրդով Թուրքիոյ քիւրտական շրջանը գնաց եւ յատկապէս քիւրտ մտաւորականներու եւ ռազմիկներու ամրոցը՝ Տիգրանակերտ քաղաքը, եւ այնտեղէն յայտարարեց իր քիւրտական ծագումը, քիւրտերը համոզելու համար  թէ  ինք իրենց արիւնակից ըլլալով Իմամօղլուէն աւելի արժանի է Պոլսոյ քիւրտերու քուէները ստանալու:

Պետութեան ենթակայ լրատուական միջոցները լուրեր տարածեցին  իբր թէ  Էքրէմ Իմամօղլուն  յունական ծագում ունի, մինչդեռ անոր մեծ հայրը (իմամ) եղած է, մահմետական կրօնաւոր եւ քարոզիչ, եւ հայրը թուրք քաղաքական գործիչ . ան ծնած է Տրապիզոն քաղաքը 1970 թ.. շրջանաւարտ է Պոլսոյ համալսարանէն (Business Management). առաջին անգամ քաղաքականութեամբ զբաղած է 2008 թ.-ին երբ անդամակցած է Հանրապետական Ժողովրդային Կուսակցութեան, եւ տարի մը ետք յաջռղած է Պոլսոյ եւրոպական մասի Պելեկտուզու փոքր քաղաքի քաղաքապետը ըլլալ, պարտութեան մատնելով Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան թեկնածուին: Քաջալերուած Իմամօղլուի յաջող ընթացքէն իր հինգ տարուայ պաշտօնավարած շրջանին, ՀԺ  Կուսակցութիւնը որոշեց Իմամօղլուն  իր թեկնածուն ըլլայ Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն, ուր 16 միլիոն բնակչութիւն կայ որոնցմէ  10 միլիոնը քուէարկելու իրաւունք ունին:

Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան թեկնածուն Պինալի Եըլտըրըմ ծնած է Արզինջան 1955 թ., ճարտարագէտ  եւ ծովային նաւարկութեան մասնագէտ է. ան քիւրտական արմատ ունեցող թուրք քաղաքական գործիչ է եւ ԱԲ կուսակցութեան հիմնադիրներէն մին, այն կուսակցութիւնը որ կործանեց քիւրտական քաղաքները, այրեց անոնց գիւղերը, տարագրեց բնակչութիւնը եւ տակաւին կը շարունակէ: Եըլտըրըմ ծառայած է իբր փոխադրութեան նախարար ( 2002-2013) եւ (2015-2016) շրջաններուն, ապա ըտնրուած է  ԱԲ Կուսակցութեան ղեկավար, որմէ ետք երկրի վարչապետ. եղած է երկրի վերջին վարչապետը (2016-2018) շրջանին, նախքան երկրի համակարգը փոխուիլը դէպի նախագահական եւ ի վերջոյ ստանձնած է ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութիւնը. այդ բոլորը Էրտողանի եւ իր կուսակցութեան աջակցութեամբ, այդ պաշտօնէն հարաժարեցաւ երբ Էրտողան զինք ընտրեց իբր թեկնածու Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետի ընտրութիւններուն:

Պարզ է, որ Եըլտըրըմ մեծ կարողութիւններու տէր է, փորձառու քաղաքական գործիչ  եւ իշխող կուսակցութեան, պետութեան եւ երկրի նախագահի  աջակցութիւնը վայելող անձ մը, սակայն  այդ բոլորին հանդերձ ան անել կացութեան մէջ գտնուեցաւ. իր կարողութիւնները ունեցող որեւէ քաղաքական գործիչ, անպայման մեծ յաղթանակ պիտի արձանագրէր որեւէ քաղաքապետական  ընտրութիւններու, բայց այդպէս չեղաւ որովհետեւ ան հաւատարիմ չէ իր ազգին եւ ժողովուրդին. Եըլտըրըմ անուանումով ստանձնած էր իր նախկին պաշտօնները եւ այս առաջին շփումն  էր ընտրողներու հետ ուր ձախողեցաւ. իր ուսուցիչը՝ Էրտողանը՝ փորձեց անոր երկրորդ հնարաւորութիւն մը տալ, քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններով, թէեւ այդ պատճառով Էրտողան կորսնցուց իր քաղաքական հեղինակութիւնը:

Կը մնայ կարեւոր հարց մը, ի՞նչու Եըլտըրըմ Պոլսոյ մէջ չյայտարարեց իր քիւրտ ծագում ըլլալը եւ այդ մէկը Տիգրանակերտի մէջ ըրաւ:

Անտարակոյս Պոլսոյ մէկ ու կէս միլիոն քիւրտերու արմատները Թուրքիոյ արեւելան եւ հարաւ արեւելան շրջաներէն են, սակայն Պոլսոյ միջավայրը, ապրուստի պայմանները, ուսուցման հնարաւորութիւնները առիթ ստեղծած են որ անոնք ընդհանրապէս ուսեալ եւ տեղեակ ըլլան քաղաքական անցուդարձերէն. աւելին անոնք իրատես են եւ կարելի չէ անոնց ազգային թելերուն վրայ խաղալ: Տիգրանակերտի եւ քիւրտական միւս շրջաններու մէջ  ալ  տասնեակ հազարաւոր ուսեալ քիւրտեր կան ի միջի այլոց մեծ մտաւորականներ, սակայն այդ շրջաններու քիւրտերը  աւելի սակաւ զարգացած են, որովհետեւ միջավայրը գիւղական բնոյթ ունի եւ ժողովուրդը աւելի պարզ է. ուստի  Եըլտըրըմ  փորձեց  ազգային գծով մօտենալ այնտեղի  քիւրտերուն, բայց ի զուր, հոն գնաց առանց նկատի առնելու թէ հոն է քիւրտական ազգային շարժումի կեդրոնը, եւ այդ քայլով որ տեղի ունեցաւ Էրտողանի թելադրութեամբ, հաստատուեցաւ թէ հոն է քիւրտական ազգային եւ քաղաքական որոշումներու կենտրոնը եւ ոչ թէ Պոլիս  եւ պէտք է նախ անոնց հետ համացայնիլ:

Եթէ Էրտողան կը ցանկար իր թեկնածուի յաղթանակը ապահովել Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն, ան պէտք  էր քիւրտերուն հետ լաւ յարաբերութիւններ  ստեղծէր, անոնց իրաւունքները ապահովէր եւ անոնց հետ որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ վարուէր, ոչ թէ իբր թշնամիներ. եթէ ան լուսաւորուած միտքով մօտենար անոնց իբր երկրի քիւրտ քաղաքացիներ եւ ոչ թէ լեռնային քիւրտեր ինչպէս որ անուանած է Աթաթուրքը, այդ պարագային քուէներու մեծամասնութիւնը պիտի ապահովէր. իսկ եթէ ան հեռանար իր ազգայնամոլ մտայնութենէն, իր օսմանական մոլեռանդութենէն եւ քիւրտերէն ընդունուած անձ մը թեկնածու ընտրուէր, այն ատեն պանծալի յաղթանակ մը պիտի ունենար:

Էրտողանի մտածելակերպը նոյնն է իր մեծ հայրերու նման, Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.-ի եւ «Իթթիհատ վէ Թերաքի» կուսակցութեան երեք ղեկավարներու Թալէաթ, Էնվէր եւ Ճեմալի. ան կը ջանայ  կործանել, քանդել, ջարդել եւ  ջնջել բոլոր անոնք որոնք կանգնած են  երկրի թրքականացման դէմ. անոնք մէկ ու կէս միլիոն հայեր ջարդեցին, հարիւր հազարներով յոյներ կոտորեցին եւ տեղահանեցին, ինչպէս նաեւ այլ քրիստոնեաներ, սակայն այդ ժամանակները անցած են եւ կը թուի թէ քիւրտերը Խրիմեան Հայրիկին խրատը մեզմէ լաւ ըմբռնած են, անոնք թուղթի տեղ երկաթեայ շերեփ ունին ձեռքերնին, եւ 1925 թ. շէյխ Սաիտ Պէյրանիի ապստամբութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր երիտասարդ ուժերով։

Անտարակոյս քիւրտերը պէտք է օգտուին Իմամօղլուի արձանագրած յաղթանակէն, որուն իրենք մաս կազմած  են եւ ներկայիս Պոլսոյ բոլոր քաղաքացիները   յոյսով են որ ան իր խոստումին տէրը պիտի ըլլայ եւ հաւասար վերաբերում  ցուցաբերէ բոլորին հանդէպ, թէեւ ինք անդամ է Հանրապետական Ժողովրդային Կուսակցութեան որուն մեծ հայրը Աթաթուրքն է: Կը թուի թէ Իմամօղլուն աւելի պիտի յառաջանայ եւ ինչու չէ ապագային երկրի նախագահը ըլլայ։

Ի՞նչ կը վերաբերի մեզի իբր հայեր եւ ի մասնաւորի Թուրքիոյ հայ համայնքին համար, «Ընտրուած է չարեաց փոքրագոյնը» ինչպէս որ կ՚ըսէ  Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր՝ Բագրատ Էսդուկեան.  Սակայն մենք երբեք պիտի չակնկալենք,  որ Էրտողանի համակիր Շիրինօղլուի նման կամ քաջ ազգային Կարօ Փայլանի նման մէկը  պիտի ընտրուի այդպիսի պաշտօնի մը. ինչ որ մենք կարելի է ընենք, այդ «Չարեաց փոքրագոյն»ին միջոցաւ մեր իրաւունքները պահպանենք եւ ըստ կարելիութեան օգտուինք Իմամօղլուի որդեգրած քաղաքականութենէն. մեր առաջին փորձը կը թուի թէ Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութիւնը պիտի ըլլայ».

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment