Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Ուղղութեամբ Թռիչքներու Պահանջարկի Աճ Գրանցուած է

Հայաստանի Ուղղութեամբ Թռիչքներու Պահանջարկի Աճ Գրանցուած է

by MassisPost

Ըստ Ռուսաստանի   զբօսաշրջային   ընկերութիւններու  Վրաստանի հետ առաջացած խնդիրներու պատճառով վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին 45 տոկոսով աճած է Հայաստանի ուղղութեամբ պահանջարկը:

«Վերջին երկու շաբաթուան ընթացքին ռուսական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն մէջ 10-է 45 տոկոսով աճած է դէպի Հայաստան ուղեգիրներու վաճառքը՝ համեմատած նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի հետ»,

Յիշեցնենք՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրամանագրով՝ ռուսական օդանաւային ընկերութիւններուն արգիլուած է Յուլիս 8-էն թռիչքներ իրականացնել դէպի Վրաստան։ Նոյն հրամանագրով՝ ռուսական զբօսաշրջային ընկերութիւններուն առաջարկուած է Վրաստանի ուղեգիրներ չվաճառել:

Ռուսաստանեան  զբօսաշրջային ընկերութիւններ,  նաեւ նշած են, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի պայմանները, հիւրանոցներու գիները, շրջապտոյտային ծրագիրներու արժէքները ընդհանուր առմամբ համադրելի են, շատ չեն տարբերիր։

«Այլ հարց է, որ Հայաստանը ծով չունի: Սեւանայ լիճը բարձր լեռնային է, ջուրը պաղ է, սեզոնը ընդամէնը 2-2,5 ամիս է, հիւրանոցային պազան ալ աղքատիկ է», – նշած են ընկերակցութենէն՝ յաւելելով, որ Հայաստանը կրնայ 10-20 տոկոսէն ոչ աւելի զբօսաշրջիկներ գրաւել Վրաստանի փոխարէն:

Զբօսաշրջիկներու մէկ մասը, որոնք պէտք է Վրաստան մեկնէին Յուլիս 8-էն ետք, վերաամրագրած են ուղեգիրները դէպի Թուրքիա, Թունիս, Պուլկարիա, Տոմինիքեան Հանրապետութիւն ու Չեռնոկորիա, մէկ մասն ալ դէպի Հայաստան, բայց մեծամասնութիւնը չեղարկած է ուղեւորութիւնը:

«Հետաքրքիր է, որ հայաստանեան գործընկերներու կողմէ առանձնապէս որեւէ աշխոյժութիւն, յատուկ առաջարկներ, ծանուցումային առաջարկներ գործնական չկան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment