Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպած է Եւրոպայի 2-րդ Խաղերու Մետալակիր Մարզիկներու Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպած է Եւրոպայի 2-րդ Խաղերու Մետալակիր Մարզիկներու Հետ

by MassisPost

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին, Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է մարզիկները Եւրոպական խաղերուն յաջողութիւններու հասնելու, մետալներ նուաճելու կապակցութեամբ եւ անոնց մրցելոյթները գնահատած յաջողած:

Վարչապետը նշած է, որ առանձին մարզաձեւերու մէջ մեր մարզիկները ունին լաւ հնարաւորութիւններ եւ աւելցուցած, որ սփորթը ունի առաջնային նշանակութիւն:

«Ձեր յաջողութիւնները գալիք սերնդի համար կը լինեն ոգեշնչման աղբիւր»,- ըսած է Փաշինեանը:

Այնուհետեւ վարչապետը մարզիչներէն եւ մարզիկներէն հետաքրքրուած է մրցումներու ընթացքի, ապա առկայ հնարաւորութիւններու, խնդիրներու մասին:

Մարզիկներն ու մարզիչները ներկայացուցած են արդիւնքները, խօսած են նաեւ առանձին մարզաձեւերու զարգացման հնարաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ խնդիրներու մասին:

Հանդիպման աւարտին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մաղթած է յաջողութիւններ յառաջիկային նախատեսուած մրցելոյթներուն եւ Ողիմպիական խաղերուն նախապատրաստուելու փուլին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment