Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ընդունած է Կլենտէյլի Քաղաքապետ Արա Նաճարեանը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ընդունած է Կլենտէյլի Քաղաքապետ Արա Նաճարեանը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը: Վարչապետը ողջունած է Արա Նաճարեանի այցը Հայաստան եւ նշած, որ մեր երկրին մէջ եղած քաղաքական փոփոխութիւններուն արդիւնքով սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հաստատման առընթեր ստեղծուած են նոր հնարաւորութիւններ: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանը պէտք է աւելի ամրապնդէ սփիւռքի հետ կապերը եւ Կլենտէյլը այդ գործին մէջ կարեւոր դերակատարում ունեցող կեդրոններէն մէկն է:

Իր հերթին, Արա Նաճարեանը նշած է, որ սփիւռքը ոգեշնչուած է նոր Հայաստանով: Կլենտէյլի քաղաքապետը տեղեկացուցած է, որ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու արդիւնքով բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար հայրենիքի մէջ ստեղծուած են ապրելու եւ գործարարութեամբ զբաղուելու անհրաժեշտ պայմաններ: Ըստ պարոն Նաճարեանի՝ այժմ սփիւռքահայերու մօտ մեծ վստահութիւն կայ Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ եւ սփիւռքի մէջ ուրախ են, որ Հայաստանը կը գտնուի յուսալի ձեռքերու մէջ: Ան յատուկ ողջունած է Զարեհ Սինանեանի Սփիւռքի հարցերով Գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին նշանակումը:

Հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արա Նաճարեանը քննարկած են Հայաստանի ապագային, կառավարութեան նպատակներուն եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment