Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ըրվայն Համալսարանի Ճարտարապետական Բաժնի Հանդիսութեան Անի Սարգիսեան Ուսանողութեան Գլխաւոր Պատգամախօսն էր

Ըրվայն Համալսարանի Ճարտարապետական Բաժնի Հանդիսութեան Անի Սարգիսեան Ուսանողութեան Գլխաւոր Պատգամախօսն էր

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Եթէ տիրել ենք, ձիրքերով միայն» Պարոյր Սեւակ

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019, առաւօտեան ժամը 9։00-ին, տեղի ունեցաւ UC համալսարանի Ըրվայն Մասնաճիւղի (UCI) Ճարտարապետական բաժնի աւարտական շատ ճոխ եւ փառաշուք հանդիսութիւնը։ Այդ օր, մօտ հազար ուսանող-ուսանողուհի շրջանաւարտ եղան, այս համալսարանի ճարտարագիտական բաժինէն։ Այս բազմամարդ հանդիսութեան ներկայ էին 5,500-է աւելի հանդիսականներ։ Շրջանաւարտներու այս մեծ խումբին, այսինքն հազար շրջանաւարտներուն մէջ հազիւ 10-15 հայեր կային։ Այդ փոքրաթիւ հայերու խումբէն,  տաղանդավոր Անի Սարգիսեանը, ամբողջ ուսանողութեան պատգամախօսն էր։

Երբ հանդիսավարը Սարգիսեանի կարճ, բայց տպաւորիչ կենսագրութիւնը տուաւ, ներկաները երկարատեւ եւ ջերմ ծափերով դիմաւորեցին զինք։ Անի Սարգիսեան հմայեց հանդիսականները, իր կուռ եւ խորիմաստ ելոյթով եւ խօսքերով, արժանանալով հանդիսականներուն եւ շրջանաւարտներուն որոտընդոստ ծափահարութեան։

Անի Սարգիսեան ծնած է Կլենտէյլ։ Ան յաճախած է Կլենտէյլի Թիւֆենկեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզը, ապա Շամլեան Ազգային վարժարան, ապա Լա Գանիատայի վարժարան: Անին մաս կազմած է համալսարանի մէջ հայ ուսանողաց միութեան եւ համալսարանի ճարտարագիտական այլազան մարմիններու եւ հետազօտութիւններու, արժանանալով բազմաթիւ բարձր գնահատականներու եւ մրցանակներու։

Այս հանդիսութիւնը իսկապէս մեծ ուրախութիւն պատճառեց մեզի եւ հպարտութեամբ լեցուն եղանք, տեսնելով որ այսպիսի ձիրքերով օժտուած եւ նման պատուաբեր յաջողութիւններ արձանագրած հայ երիտասարդութիւն մը ունինք, որոնք Ա.Մ.Ն.-ի պատիւն ու պարծանքն են։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ճարտարագէտ Անի Սարգիսեանին այս նուաճումին համար, մաղթելով իրեն նորանոր վկայականներ եւ բարձունքներ իր կեանքին մէջ, իսկ մեր նորահաս սերունդին կ՚ըսենք՝ օրինակ առէք այս պատուաբեր երիտասարդուհիէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment