Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Նոր Գիրքերու Հետ: «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ (Հեղինակ` Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան)

Նոր Գիրքերու Հետ: «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ (Հեղինակ` Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան)

by MassisPost

Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատան կից «Ռոսլին» գեղարուեստի ցուցասրահը ներկայիս դարձած է հայ եւ տեղացի մշակութասէրներու ժամադրավայրը, ուր տեղի կ’ունենան նաեւ յատուկ հանդիսութիւններ, մասնաւորաբար հանդիպումներ` նոր լոյս տեսած հրատարակութեանց մասին:

Այդ ծիրէն ներս անցեալ Հինգշաբթի, Յունիսի 20ին, 2019, վերոյիշեալ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական հանդիպում մը Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հետ, իր նոր հրատարակած «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին Մէջ» հատորի առթիւ:

ahmaranian-4

Ապրիլ գրատան սեփականատէր Արնօ Երէցեան, իր բացման խօսքին մէջ, ողջունեց ներկայ հասարակութիւնն ու Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանը, որուն նախորդ գիրքի շնորհանդէսը եւս տեղի ունեցած էր այս սրահին մէջ:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն Գաբրիէլ Մոլոյեան: Ան նախ ամփոփ կերպով ներկայացուց Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի համառօտ կենսագրականը, որպէս Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի անդամ եւ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան համալսարանին նախկին դասախօս եւ իսլամագէտ ու բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ: Ապա անդրադարձաւ «Հայը եւ Հայաստանը Աստուախծաշինչին մէջ» աշխատասիրութեան եւ հատորին մասին:

ahmaranian-2

Գ. Մոլոյեան սեղմ գիծերով ներկայացուց Յ. Ահմարանեանի ՚Հայը եւ Հայաստանը Աստուաաշինչին Մէջՙ գիրքի բովանդակութիւնը, մասնաւորաբար նշեց.

«Դրախտը Հայաստանի Մէջ Է» –
Յ. Ահմարանեան, հիմնուելով Ս. Գիրքին վրայ, կը փաստէ որ դրախտը` պէտք է եղած ըլլայ պատմական Հայաստանի մէջ: Ապացոյցը կը գտնէ Ծննդոց 8:10-14: Հոն կ’ըսուի հետեւեալը «Եւ պարտէզը ջրելու համար» Եդեմէն գետ մը կը բխէր եւ անկէ չորս գլուխներու կը բաժնուէր` Փիլոն, Ճիհոն, Տիգրիս եւ Եփրատ: Այս վերջինը` Եբրայէրէնի մէջ կը կոչուի Perath, իսկ ասորերէնի մէջ Parat:

Տիգրիսը` երեք տեղ յիշուած է Ս. Գիրքին մէջ: Տիգրիսի գլխաւոր աղբիւրն է Էրզրումի հարաւը: Իսկ Տիգրիսի ափին շինուած էր Տիգրանակերտը: Գալով Ճիհոն գետին` անիկա Արաքս գետն է: Եբրայէրէնի մէջ Ճիհոն կը նշանակէ արագավազ, իսկ յունարէնի մէջ«Արագսես»ն է:

Արարատ Լեռը –
«Եւ նստաւ տապանն եօթներրորդում (Ծննդոց 7:1) ամսեանն ի տասնեօթն ամսոյն ի լերին «Արարատայ»:

Աստուածաշունչէն բացայայտ է որ տապանը Արարատի գագաթին վրայ խարսխեց եւ անհիմն է զայն ուրիշներու վրայ տեսնելը:

Ջրհեղեղէն ետք Նոյ Արարատի գագաթէն իջնելով սկսաւ երկիրը մշակել, այգի տնկեց եւ գինիէն խմեց ու հարբեցաւ (Ծննդոց 9:21):

Նոյի սերունդին գալով իր զաւակներէն Թերասը ծնաւ Թորգոմը, իսկ Թորգոմը ծնաւ Հայկը: Ուրեմն Թորգոմ` Հայ Նահապետին հայրն է: Ուստի Թորգոմն է որ կը կապէ Աստուածաոնչը հայ ժողովուրդին: Իսկ 5րդ դարուն մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացին, հայոց պատմութիւնը գրելու ժամանակ, յիշատակած է Թորգոմի որդին Հայկը, որպէս հայ ազգին նախահայրը:

Հայկը մերժեց Բէլին ենթարկուիլ եւ իր զաւակներուն, թոռներուն ու 300 այլ հետեւորդներու հետ մեկնեցաւ Արարատ աշխարհը եւ իր գրաւած հողատարածքը կոչեց ՀԱՅՔ: Ան գիւղ մըն ալ շինելով զայն անուանաեց Հայկաշէն:

ahmaranian-1

Դոկտ. Յովհ. Ահմարանեան իր գիրքին մէջ գնատանաքով կ’արտայայտուի նաեւ հայկական ձիերու մասին: Եզեկիէլ մարգարէն հետեւեալը կը նշէ. «Թորգոմի տունէն (այսինքն Հայաստանի տարածաշրջանէն , Հայասա, Ուրարտու, Նայիր…) վաճառականները ձիեր, կարքեր, ջորիներ կը բերէին (27:4) զանոնք ծախելու համար Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն: Ձիերու վաճառականութիւնը այնքան հասութաբեր եղած է, որ հայ առետրականները, ձիաբուծարաններ հիմնած էին երկրէն ներս:

Խիստ հետաքրքրական նիւթով միջոցառում մըն էր, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ներկաներուն եւ գիրքի հեղինակին միջեւ: Վերջաւորութեան ներկաներն առիթն ունեցան հեղինակին գիրքէն օրինակներ գնելու եւ իր մակագրութիւնն ունենալու, հիւրասիրութեան ջերմ մթնոլորտի ներքեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment