Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 104-ամեակի Ոգեկոչում Դամասկոսի Մէջ

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու 104-ամեակի Ոգեկոչում Դամասկոսի Մէջ

by MassisPost

104տարի եւ պայքարը կը շարունակուի, 104 տարի եւ հնչակեան Քսան անմահներու շունչն ու պատգամը տակաւին վառ կը մնան իւրաքանչիւր ազատատենչ հնչակեանի եւ հայու սրտին ու հոգիին մէջ:

104 տարի եւ Փարամազի ու անոր ընկերներուն յեղափոխական սկզբունքները եւ ուղեգիծը կը մնան այժմէական, 104 տարի եւ հայուն օրհասական ճակատամարտը կը մղուի յանուն ազատ, անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի, ընկերային արդարութեան, ընկերվարութեան ամուր պետականութեան եւ հաւասարութեան:

Կազմակերպութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինին, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ հնչակեան Քսան Անմահներու նահատակութեան 104-ամեակի նուիրուած ուխտի վերանորոգման հաւաք:

Առաւօտեան, Քսաններու յիշատակին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, գլխաւորութեամբ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգները նուագեց Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը, որմէ ետք, յատուկ այս առիթին համար Լիբանանէն հրաւիրուած, «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Ընկ.հի Անի Եփրեմեան եւ Վարիչ Մարմնոյ ատենապետ Ընկ. Յովսէփ Խպոյեան Քսաններու յիշատակին ծաղկեպսակ մը զետեղեցին յուշարձանին դիմաց:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հ.Մ.Մ. ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հնչակեան Քսան Անմահներու նահատակութեան 104-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումը, ներկայութեամբ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Հոգշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի, Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի (Լիբանանէն յատուկ ժամանած) եւ Ընկ. Վազգէն Համալեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Նորա Արիսեանի, Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Յովսէփ Խպոյեանի եւ անդամներուն, քոյր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ բազմահոծ գաղափարական եւ համակիր ընկերուհիներու եւ ընկերներու:

Հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ, որմէ ետք Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:

Ս.Դ.Հ.Կ. Սուրիոյ Շրջանի Վարիչ Մարմինի խօսքը յղեց Ընկ.հի Անի Թըլըսըմեան Գոճաքէհէյեան, ուր ան նշեց, որ «Քսանները մարգարէներ էին, եւ մեծ էր անոնց հաւատքը, ճիշդ է որ անոնք կախաղան բարձրացան, սակայն Հնչակեան Կուսակցութիւնը կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ: Անմահ Փարամազի խօսքը ամենամեծ փաստն է այսօր. դուք մեր մարմինը միայն կրնաք կախել, բայց մեր գաղափարը՝ ոչ»: Քսանները չմեռան, այլ իրենց կեանքը, գործը, հոգին կտակեցին մեզի, եւ այնքան ատեն որ մենք կը շարունակենք ընթանալ անոնց ուղիէն, անոնք կ՛անմահանան:

Ուխտենք այսօր հաւատարիմ մնալ մեր կուսակցութեան, աշխատիլ մեր արդար իրաւունքներու վերատիրացման: Ուխտենք անսայթաք քալել Քսաններու գծած ուղիէն, արժանանալու համար անոնց յաջորդները ըլլալու պատիւին»: Քսաններու ոգեկոչման երեկոյին, տեսակապով իր խօսքը յղեց Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Հալէպի շրջաններու Վարիչ Մարմիններու ատենապետներ՝ ընկերներ Սեպուհ Գալփաքեանը եւ Աւետիս Խոշաֆեանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շրջանի փոխատենապետ Ընկ. Վազգէն Մեսրոպեանը, եւ Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Միսաք Նաճարեանը:

20-damascus-2Հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ «Արարատ» օրաթերթի տնօրէնուհի, Ընկ.հի Անի Սարաֆեան Եփրեմեանը, որ յատուկ այս առիթին համար հրաւիրուած էր Լիբանանէն:

Ան տպաւորիչ եւ յուզիչ կերպով ներկայացուց կախաղաններու նախօրեակին, Գում Գափուի քահանաներէն Տ. Գալուստ Պօղոսեան քահանայի վկայութիւնը, մէջբերելով քանի մը տող Գառնիկ Ադդարեանի «Պայազիտ» բանաստեղծութենէն, որմէ ետք աւելցուց, որ «Քսան կախաղաններու յիշատակը թանկագին է մեզի համար իր խոր բովանդակութեամբ: Այնտեղ մենք կը տեսնենք հայ յեղափոխական մտքի խորքը, ծաւալը, սահման չճանչցող խիզախութիւնն ու ինքնազոհութիւնը: Սուլթան Պայազիտի կախաղաններէն առաջ եւ անկէ յետոյ ծաւալուած հնչակեան յեղափոխական շարժումները, որպէս թանկագին աւանդութիւն իր մտքին եւ սրտին մէջ այսօր կը կրէ հնչակեան երիտասարդութիւնը:

Իւրաքանչիւր հնչակեան երիտասարդ հպարտ է՝ առաջին հերթին անցեալի իր հերոսներու փառքով, յեղափոխական գործունէութեամբ, բիւրեղացած գաղափարականով եւ հայրենասիրութեամբ: Արդ, Հնչակեան երիտասարդը ուր որ ալ գտնուի, աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ, այսօր գիտակից է իր կոչումին: Գաղափարական եւ յեղափոխական հարուստ աւանդութիւններով գօտեպնդուած Հնչակեանը ուրիշ ուղի չի կրնար ունենալ իրեն համար, բացի կուսակցութեան ճշմարիտ ուղիէն, ինչքան ալ փշոտ ու դաժան ըլլայ այդ ուղին: Գաղութներու մէջ երեւան եկած աննպաստ պայմանները յուսահատութեան չ՛առաջնորդեր Փարամազներու շունչով տոգորուած Հնչակեանը: Ոգեկոչելով Քսանները մենք կ՛ընծայենք արժանի պատիւ հայ ազգին եւ Մայր հայրենիքին. այն հայրենիքին, որ խարիսխն է մեր գոյութեան եւ երաշխիքը՝ մեր պայծառ գալիքին, որ տեսիլքն էր Պայազիտի հերոսներուն:

Ընկերուհին շարունակելով իր խօսքը ըսաւ,- «Կ՛ոգեկոչենք Քսանները նաեւ վերահաստատելու համար, որ իրենց գործը կը շարունակուի, որ իրենց նահատակութենէն 104 տարի ետք, հայ ժողովուրդը այսօր համախմբուած կը կանգնի իր արդար հողին վրայ, բարձրաձայն ըսելով, որ մենք ենք տէրը մեր երկրին: Այն երկրին, որ մէկ օրուան մէջ փոխակերպուեցաւ, թաւշեայ անարիւն յեղափոխութիւնը իրականացաւ: Հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ ելած էին վճռական պայքար մղելու՝ տասնամեակներով ոտնահարուած իրենց իրաւունքները վերականգնելու եւ անոնց տէրը դառնալու վճռակամութեամբ: Մարդիկ փողոց ելած էին աղքատութեան, փտածութեան, գանձագողութեան եւ տնտեսութեան մէջ գերիշխող դիրք ունեցող ստուերային ու մենաշնորհային համակարգին դէմ:

«Քաղաքական, քաղաքացիական եւ բարոյական զարթօնքը, որ կը թեւածէ այսօր հայոց երկինքին տակ, կարծես այլընտրանք չի ձգեր տարատեսակ քաղաքական սադրանքներու: Կը մնայ, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ` երեսուն տարի ետք, նոյնպէս յաղթանակէ բանականութիւնը եւ պետական մտածողութիւնը:

«Լիայոյս, ո՛չ, համոզուած ենք, որ այս երկրորդ զարթօնքը, որուն ականատեսն ու մասնակիցը եղանք բոլորս, կ՛ընթանայ բոլորովին այլ` սիրոյ եւ իրական համերաշխութեան ճամբայէն»: Ներկաները ծափահարութիւններով քանի մը անգամ ընդհատեցին բանախօսին խօսքը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեղրի Մարաշլեան (ջութակ), Ալիսիա Գասարճեան (դաշնամուր), նուագելով «Քելէ-Քելէ» եւ «Ալագեազ», Սեւան Մարաշլեան եւ Լուսին Գասարճեան՝ պար (Ուզունտարա), եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբը՝ «Հայ Ենք»: Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան յատուկ տեսակապով մանրամասն բացատրեց Հնչակեան Կուսակցութեան քայլերգին իմաստը: Բեմ հրաւիրուեցաւ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը ուղղելու իր պատգամը: Ան ներկայացուց Քսանները որպէս մարգարէներ, որոնք մարգարէացան այն միտքը եւ ունեցան այն տեսիլքը՝ հորիզոնին վրայ ողջունելու հզօր, ազատ եւ ընկերվար Հայաստանը»:

Երեկոյի պաշտօնական բաժնի աւարտէն ետք, Հ.Մ.Մ.-ական պատանիներ ներկայացուցին կուսակցական երգեր, ընկերակցութեամբ Յակոբ Գասարճեանին՝ երգեհոնի վրայ:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ յոտընկայս, Հնչակեան Կուսակցութեան «Հեռաւոր Երկիր» քայլերգով եւ «Պահպանիչ»ով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment