Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սուրիկ Խաչատրեանը եւ Շարք մը Նախկին Պաշտօնեաներ Գոյքահարկ Չեն Վճարած. Սարհատ Պետրոսեան

Սուրիկ Խաչատրեանը եւ Շարք մը Նախկին Պաշտօնեաներ Գոյքահարկ Չեն Վճարած. Սարհատ Պետրոսեան

by MassisPost

Շարք մը նախկին պաշտօնեաներ խուսափած են գոյքահարկէն, այդ մասին Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն ըսած է Անշարժ գոյքի կոմիտէի նախագահ Սարհատ Պետրոսեանը։ Այդ պաշտօնեաներէն միայն նշած է Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի անունը՝ տեղեկացնելով, որ Երեւանի Միասնիկեանի պողոտայի վրայ գտնուող անոր առանձնատունը անգամ գրանցուած չէ  չափագրութեան կոմիտէին մօտ։

«Այդպիսի պաշտօնեաները շատ են, չեմ կարող բոլորի անունները տալ։ Մենք այդ տուեալները փոխանցել ենք համայնքին, եւ ես վստահ եմ, որ համայնքը դրանով կը զբաղուի», – ըսած է ան։

Անդրադառնալով Կառավարութեան մէջ քննարկուած բնակարաններու, տուներու եւ այլ անշարժ գոյքի քադաստրային արժէքի գնահատման կարգերու փոփոխութիւններու նախագիծին՝ Սարհատ Պետրոսեանը ըսած է, որ այդ գիները 2002 թուականէն չեն թարմացուած։ Մինչդեռ անշարժ գոյքի գիները յատկապէս Երեւանի մէջ կտրուկ աճած են։

«Մենք այս նախագծով անշարժ գոյքի գները մօտեցնելու ենք շուկայական գներին», – ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հիմնական թիրախը պիտի ըլլայ թանկ գոյքը:

Նախագիծը հաստատուելէ եւ ուժի մէջ մտնելէ ետք անշարժ գոյքի  չափագրման արժէքը պիտի բարձրանայ։ Ըստ անոր՝ այսօր Երեւանի կեդրոնին մէջ 60 հազար դրամ արժողութեամբ գոյքը պիտի դառնայ 330 հազար դրամ։ «Իմ կարծիքով մեր գոյքահարկը նուազագոյնը 2-3 անգամ պէտք է բարձրանայ։ Սա իմ անձնական դիրքորոշումն է, ես ոչ ֆինանսիսթ եմ, ոչ էլ տնտեսական հիմքեր կան», – ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment