Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Ատրպէյճանը կը Ծրագրէ 5 Տոկոսով Աւելցնել Ռազմական Ծախսերը

Ատրպէյճանը կը Ծրագրէ 5 Տոկոսով Աւելցնել Ռազմական Ծախսերը

by MassisPost

Ատրպէյճանը կը ծրագրէ 5 տոկոսով աւելցնել ռազմական ծախսերը։ «Ինթըրֆաքս»-ի ատրպէյճանական ծառայութեան փոխանցմամբ՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը ծրագրէ յաւելեալ գումարներ յատկացնել՝ պաշտպանական ծախսերու ընդհանուր թիւը հասցնելով մօտ 1,88 միլիառ տոլարի:

Փոխարէնը կառավարութիւնը մտադիր է կրճատել ընկերային պաշտպանութեան հիմնադրամին փոխանցուող գումարները:

Յիշեցնենք՝ նախորդ տարի Ատրպէյճանը արդէն մօտ 300 միլիոն տոլարով աւելցուցած էր պաշտպանական ոլորտի ծախսերը: Վարչապետ Նովրուզ Մամետովը անցած մարտին յայտարարած էր, որ երկրի զինուած ուժերու ապահովումը արդիական ռազմական սարքերով եղած է ուշադրութեան կեդրոն, այդ նպատակով ձեռք բերուած են «Փոլոնեզ», «Լորա» համակարգեր եւ այլ միջոցներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment