Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յունաստանն ու Կիպրոսը Կ’ուզեն Եւրոմիութիւնը Պատժամիջոցներ Սահմանէ Թուրքիոյ Դէմ

Յունաստանն ու Կիպրոսը Կ’ուզեն Եւրոմիութիւնը Պատժամիջոցներ Սահմանէ Թուրքիոյ Դէմ

by MassisPost

Չի բացառուիր, որ Պրիւքսէլի մէջ մեկնարկող Եւրոմիութեան (ԵՄ) հերթական գագաթնաժողովի մասնակիցները յառաջիկայ ժամերուն պաշտօնապէս դիմեն կառոյցի գործադիր մարմնին` Եւրոպական յանձնաժողովին, Թուրքիոյ դէմ կոշտ պատժամիջոցներ սահմանելու առաջարկութեամբ:

ԵՄ անդամ պետութիւններու ղեկավարները այդ քայլին պիտի դիմեն Կիպրոսին պատկանող բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ Թուրքիոյ կողմէ երկրաբանական հետախուզման աշխատանքներ իրականացնելու պատճառով:

AP գործակալութեան փոխանցմամբ, շաբաթասկիզբին թրքական կողմի` կազի արդիւնահանման ուղղուած այս գործողութիւնները Լիւքսեմպըրկի մէջ կայացած հաւաքի ժամանակ քննարկած էին ԵՄ անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները` «լրջագոյն մտահոգութիւն յայտնելով Թուրքիոյ անօրինական քայլերու առթիւ»:

Նախօրէին ալ Եւրոմիութեան մօտ կանգնած աղբիւրները Պրիւքսէլի մէջ հաւատարմագրուած լրագրողներուն փոխանցած էին, որ Թուրքիոյ դէմ կոշտ քայլերու անհրաժեշտութեան մասին դրոյթը, ըստ ամենայնի, տեղ պիտի գտնէ գագաթնաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ:

«Եւրոմիութեան խորհուրդը կոչ պիտի ընէ եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինիին առանց յապաղելու գործողութիւններու ծրագիր մշակել Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսին պատկանող բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ իրականացուող գործողութիւններու պատճառով», – ITAR TASS-ի փոխանցմամբ նշած է եւրոպացի պաշտօնեաներէն մէկը:

Արեւմտեան աղբիւրներու պնդմամբ Պրիւքսէլի մէջ այս պահին քննարկուող ամենահաւանական պատժամիջոցը կրնայ դառնալ Թուրքիոյ` որպէս ԵՄ թեկնածու պետութիւն յատկացուող նիւթական օժանդակութեան սառեցումը:

Առաջինը Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու անհրաժեշտութեան մասին օրերս խօսեցաւ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը:

«Ես զրուցեր եմ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ եւ մենք պայմանաւորուեր ենք, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին որպէս ԵՄ անդամ երկու պետութիւններ այդ կառոյցի գագաթնաժողովի մասնակիցներուն ներկայացնենք յստակ  որոշման մը, անգամ պատժամիջոցներու սահմանման մասին նախագիծը», – յայտարարած է Ցիփրասը: – «Այդ տեղի կ’ունենայ այն պարագային, եթէ պարզուի, որ Թուրքիան երկրաբանական հետախուզում իրականացուցած է Կիպրոսին պատկանող բացառիկ տնտեսական գօտիին մէջ: Կը ցանկամ շատ յստակ ուղերձ մը յղել` ցանկացած պետութիւն, որ կ’ոտնահարէ ԵՄ մաս կազմող Յունաստանի կամ Կիպրոսի ինքնիշխանութիւնը, պէտք է յստակ ըմբռնէ` նման քայլերը անհետեւանք ըլլալ չեն կրնար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment