Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ճոն Պոլթըն Պիտի Հանդիպի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

Ճոն Պոլթըն Պիտի Հանդիպի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Հետ

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող հանդիպումներուն:

«Անհամբերութեամբ կը սպասեմ շաբաթուան վերջը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումներուն, որպէսզի խրախուսեմ անոնց միջեւ երկխօսութեան շարունակումը: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հարցի հաստատման»,- «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է Պոլթըն:

Յունիս 20-ին Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ հերթական հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ։  ՀՀ ԱԳՆ տարածած մէկ այլ հաղորդագրութեան համաձայն` ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ԱՄՆ խումբ  մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment