Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսը կը Նախատեսէ $40 Միլիոն Յաւելեալ Օգնութիւն Տրամադրել Հայաստանին

ԱՄՆ-ի Քոնկրեսը կը Նախատեսէ $40 Միլիոն Յաւելեալ Օգնութիւն Տրամադրել Հայաստանին

by MassisPost

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած է Հայաստանին 40 միլիոն տոլարի յաւելեալ օգնութիւն տրամադրելու՝ քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի նախաձեռնութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ «Ամերիկայի Ձայն»ը։

Քոնկրեսին մէջ Հայաստանին յաւելեալ օգնութեան տրամադրման կողմ քուէարկած է գրեթէ երկու-երրորդը՝ 268 ներկայացուցիչ։ Նախաձեռնութեան հեղինակ, հայկական արմատներ ունեցող քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի խօսքերով, Միացեալ նահանգներու կողմէ Հայաստանին յաւելեալ օգնութեան տրամադրումը կարեւոր խորհրդանշական քայլ է նաեւ, քանի որ կը վկայէ, որ ԱՄՆ-ի մէջ կը գնահատեն Հայաստանի կողմէ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ժողովրդավարութեան ճանապարհին եղած լուրջ քայլերը։

Կը նշուի, որ աւելի վաղ, խօսելով Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ իր նախաձեռնութեան վերաբերեալ, քոնկրեսական Սփիրը նշած էր, որ յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի օգնութիւնը պիտի օգնէ Հայաստանին ժողովրդավարութեան զարգացման եւ կառավարութեան պատասխանատուութեան մեծացման։

«Յաւելեալ 40 միլիոն տոլարի տրամադրումը փոքր աջակցութիւն մըն է երկրի մը, որ ինքնուրոյն կառուցած է ժողովրդավարութիւն»,-ըսած է Ճեքի Սփիրը։

Հայաստանի համար, Ճեքի Սփիրի կարծիքով, թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք եզակի հնարաւորութիւն բացուած է միաւորուելու եւ ժողովրդավարութեան ճանապարհով երկիրը հասցնելու բարգաւաճման։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment